Պարոնուհի Քերոլայն Քօքս Հանդիպած Է ԼՂՀ ԱԺ-ի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանին

ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան Սեպտեմբեր 27-ին ընդունած է Պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը եւ անոր հետ Արցախ ժամանած Մարդասիրական օգնութիւն բարեգործական կազմակերպութեան (HART-Humanitarian Aid Relief Trust) անդամները, կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ԱԺ մամուլի ծառայութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ Պարոնուհի Քօքսի 85-րդ այցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն յատկանշական է այն իմաստով, որ տեղի կ՛ունենայ Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակի օրերուն:
«Արցախը ճանաչելի է դառնում նաև Ձեզանով, քանզի ամէն անգամ Դուք բարեկամների նոր խումբ էք բերում Արցախ: Այդ հանգամանքը շատ կարեւոր է, քանի որ Ատրպէյճանն անընդհատ փորձում է ապակողմնորոշել միջազգային կառոյցներին՝ սուտ և սխալ տեղեկատուութիւն տարածելով մեր երկրի մասին»,- նշած է խորհրդարանի ղեկավարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Պարոնուհին նշած է, որ ամէն անգամ այցելելով Արցախ` կը նկատէ յառաջընթաց եւ ենթակառուցուածքներու զարգացում, ինչ որ իրեն կ՛ոգեշնչէ եւ կ՛ոգեւորէ:
«Ես ուրախ եմ աշխատելով ձեր եւ հայկական Սփիւռքին հետ: Պատրաստ եմ շարունակելու իմ մասնագիտական եւ մարդասիրական օժանդակութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր այցի ընթացքին նոր մարդոց ծանօթացնելու Արցախի իրական պատմութիւնը»,- նշած է Քերոլայն Քօքս:
Կողմերը քննարկած են խորհրդարանական կապերու ընդլայնման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի մէջ գործող վերականգնողական կեդրոնի գործունէութեան, ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններէն ետք փաստերու հաւաքագրման եւ մարդասիրական բնոյթի այլ թեմաներ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ ընկերային ու առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արամ Գրիգորեան: