Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Շքանշանով Պարգեւատրեց Էտուարտ Եւ Ժանէթ Մարտիկեանները

Սեպտեմբեր 27-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշան յանձնեց Մայր Աթոռի բարերարներ տէր եւ տիկին Էտուարտ ու Ժանէթ Մարտիկեաններուն` բարձր գնահատելով անոնց վաստակը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Մինչեւ պարգեւաբաշխութիւնը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մարտիկեան զոյգին, տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ գտնուող «Երեմեան» միաբանական շէնքի յուշատախտակի բացման արարողութիւնը, որմէ ետք հիւրերը ծանօթացան շինութեան պայմաններուն: Այն հիմնանորոգուած է տէր եւ տիկին Էտուարտ ու Ժանէթ Մարտիկեաններու ազնիւ բարերարութեամբ:

Շնորհաբաշխութեան արարողութիւնը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի Դիւանատան Ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Պարոյր քահանայ Աւետիսեան:

Արարողութեան ներկայ էին տարեկան ժողովի առիթով Հայաստանի մէջ գտնուող Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի տնօրէններու խորհուրդի անդամները` առաջնորդութեամբ թեմակալ առաջնորդ, հիմնադրամի նախագահ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի եւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գառնիկ Նանագուլեանի:

Scroll Up