Մահ՝ Արայ Կարմիրեանի
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Խոր ցաւով իմացանք, թէ Մոնրէալի մէջ, իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ մտաւորական Արայ Կարմիրեան, յառաջացած տարիքի մէջ: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի»՝ կը յայտնէ «Նոր Յառաջը»:
Ծնած էր 1920-ին Պոլիս։ 1939 թուականին աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանը։ 1945 թուականին որպէս ճարտարագէտ վկայուած էր Պոլսոյ Թէքնիք համալսարանէն։ Ամուսնացած էր Անելկա Տէր-Մարգարեանի հետ, որ ծանօթ մտաւորական Արփիար Տէր-Մարգարեանի շառաւիղներէն էր։
Արայ Կարմիրեան եղած էր Մխիթարեան Սանուց միութեան հիմնադիրներէն եւ ստանձնած՝ վարչական պատասխանատւութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ նոյնանուն վարժարանէն ներս թուաբանութեան ուսուցիչ եղած էր 1960-ականներուն։ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի հիմնադրութեան շրջանին ալ բերած էր իր նպաստը։ Օսմանեան շրջանի դրոշմաթուղթերու մասնագէտ մըն էր եւ անդամ՝ Թուրքիոյ Ֆիլաթելիստներու միութեան։
Միաժամանակ, արեւելեան երաժշտութեան սիրահար մըն էր ան։ Ատիկա, պատահական չէր, քանի որդին էր երաժիշտ եւ յօրինող Գառնիկ Կարմիրեանի։ Իր հօրը երաժշտական ժառանգը ամփոփած էր գիրքի մը մէջ։
1984 թուականին Արայ Կարմիրեան հաստատուած էր Գանատա։ Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան սիւներէն էր։ Հեղինակ էր շարք մը գիրքերու։ Կ՚աշխատակցէր «Մարմարա» օրաթերթին ու վերջին շրջանին գիրքի ծրագրերուն համար կը համագործակցէր «Արաս» հրատարակչութեան հետ։
Այս տխուր առթիւ, մեր ցաւակցութիւնները ընտանիքին, ի մասնաւորի աղջկան՝ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու տեսչութեան կրթական բաժնի պատասխանատու Անի Կարմիրեանին


Արևելահայերեն
Русский
English








