Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Ապրիլին Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներուն

Սեպտեմբեր 25-ին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան աշխատանքային այցով գտնուած է հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն մէջ:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Սէյրան Օհանեան այցելած է մարտական յենակէտեր, ծանօթացած  դիրքապահ զինուորներու սոցիալ-կենցաղային պայմաններուն, ստուգած մարտական հերթապահութեան եւ զինծառայութեան կազմակերպման ընթացքը:

ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն մէկուն մէջ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ծանօթացած է ընթացող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներուն: Պատասխանատու կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են իրականացուած  աշխատանքները եւ հաւաստած, որ շինարարական աշխատանքները կ’ընթանան համաձայն նախանշուած ժամանակացոյցի:

Սէյրան Օհանեան այցելած  է նաեւ ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած զինծառայողներու` Պենիամին Եղոյեանի, Արմենակ Ուրֆանեանի, Սարգիս Սահակեանի եւ Վլադիմիր Ալիխանեանի ընտանիքներուն: Սփոփանքի խօսքեր ուղղելով զոհուածներու հարազատներուն` պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ անոնց զաւակներուն սխրանքն ու անձնազոհութիւնը նորովի կ’արժեւորուի եւ այսուհետ օրինակ կը հանդիսանայ երիտասարդութեան համար:

Սէյրան Օհանեան հետաքրքրուած է զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներու առողջական եւ սոցիալ-կենցաղային խնդիրներով, նշած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մշտապէս պատրաստակամ է իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու անոնց  խնդիրներու լուծման:

Օհանյան

Scroll Up