ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈ՞ՐԳՆ ԱԼ ԹՐՔԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ ԶՈՀ

Ամերի­կեան «Ուա­շինկթըն Փոսթ» թեր­թը կը տե­ղեկաց­նէ, որ Սպի­տակ Տան մէջ պա­հուող եւ հայ որ­բե­րու կող­մէ գոր­ծուած գոր­գին ցու­ցադրու­թիւնը ջնջուած է:

«Ուա­շինկ-թըն Փոսթ» այս առ­թիւ կը գրէ. «Գոր­գը 1920-ական թուական­նե­րուն գոր­ծած են հայ որբ երա­խաներ եւ Սպի­տակ Տան մէջ պաշ­տօ­նապէս ցու­ցադրուած է 1925ին: Նկա­րին մէջ կը տես­նուի նա­խագահ Գալ­վին Գու­լիճ կանգնած՝ գոր­գին վրայ, որ ոչ միայն ան­չա­փահաս երա­խանե­րու աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է, այլ բարդ, ման­րակրկիտ աշ­խա­տանք մը, որ ար­ժա­նի է մեծ հաս­տա­տու­թիւննե­րուն: Գոր­գին վրայ գծուած բոյ­սերն ու կեն­դա­նինե­րը կրնան ներ­կա­յաց­նել Եդե­մական Այ­գին, որ այնքան հե­ռու էր 1915ի սար­սա­փելի իրա­դար­ձութիւննե­րէն…»:

Յոյս կար, որ 20 տա­րի պա­հես­տա­րան դրուած գոր­գը Դեկ­տեմբեր 16ին ցու­ցադրուէր ամե­րիկեան «Սմիթ­սո­նեըն» պատ­մութեան թան­գա­րանին մէջ կազ­մա­կեր­պուելիք ձեռ­նարկին ըն­թացքին, երբ պի­տի ներ­կա­յացուէր Յա­կոբ-Մար­տին Տե­րանեանի «Նա­խագահ Գալ­վին Գու­լիճ եւ Հայ Որ­բե­րու Գոր­գը» գիր­քը: Սա­կայն գիտ­նա­կանը, որ նա­խաձեռ­նած էր այդ ներ­կա­յաց­ման, ջնջած է զայն, պատ­ճա­ռաբա­նելով գոր­գը տրա­մադ­րե­լու Սպի­տակ Տան մեր­ժումը:

Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան եր­կու կազ­մա­կեր­պութիւ­նե­րուն ուղղուած «բա­ցատ­րա­կան» նա­մակին մէջ, թան­գա­րանի ասիական մշա­կու­թա­յին պատ­մութեան ծրագ­րի տնօ­րէն Փօլ Մայ­քըլ Թէյ­լըր Սպի­տակ Տան մերժման մա­սին յստակ որե­ւէ պատ­ճառ չէ նշած, յայտնե­լով նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ամե­րիկա­յի դես­պան Ճոն Հե­ֆըր­նի ջան­քերն ալ ապար­դիւն եղած են:

Ծրագ­րի այս անսպասելի փո­փոխու­թեան համար կ՚ըսուէր, թէ մեծ հա­ւանա­կանու­թեամբ, Թուրքիոյ ճնշումնե­րուն հետեւանքով է:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up