Սասնոյ Մարութա Լերան Գագաթին Գտնուող Սբ Աստուածածին Վանքի Ճանապարհը Կը Վերանորոգուի Ուխտաւորներու Համար
Սասնոյ շրջանի Մարութա լերան գագաթին գտնուող հռչակաւոր Սուրբ Աստուածածին վանքի ճանապարհը կը բացուի զբօսաշրջիկներու համար, կը յայտնէ Թուրքիոյ Պաթմանի նահանգապետարանի (պատմական Սասունի հիմնական մասը այսօր Սասոն անուամբ կցուած է Թուրքիոյ Պաթման նահանգին) պաշտօնական կայքը:
Ըստ Artsakhpress-ի` դէպի Մարութա լերան ստորոտ կը փորուի 8 քիլոմեթրանոց ճանապարհ, որ բաց պիտի ըլլայ հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներու համար: