Հանգստեան Օրերուն Հակառակորդը Հրադադարը Խախտած Է Աւելի Քան 50 Անգամ. ԼՂՀ ՊՆ

Հանգստեան օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է աւելի քան 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 600 կրակոց:
Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: