ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը

Սեպտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան  ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:

Զրոյցը ընթացաւ ՀՄԸՄ ընթացիկ աշխատանքներու, յառաջիկայ ծրագիրներու, Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի երկիրներու հայկական վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման հնարաւորութիւններու զարգացման ու բարելաւման, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման հետ կապուած հարցերու շուրջ:

Scroll Up