Հանդիպում՝ Մ.Ա.Կ.-Ի Մօտ Հայաստանի Դեսպան Մնացականեանի Հետ

Սեպտեմբեր 12-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանէն պատուիրակութիւն մը, հանդիպում մը ունեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Զոհրապ Մնացականեանի հետ: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ներկայացուցիչ՝ Հայկ Օշականէ եւ Մ.Ա.Կ.-ի հարցերու պատասխանատու՝ Անդրանիկ Գասպարեան: Այս տեսակցութեան ընթացքին յատկապէս արծարծուեցան Սփիւռքահայութիւնը մտահոգող հարցեր, որոնց կարգին յատկապէս Սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը:
Աւարտին, որոշուեցաւ շարունակել նմանօրինակ հանդիպումներ, եւ գործակցաբար կազմակերպել Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար ձեռնարկներ:

Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք:

Scroll Up