Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Գանատահայ Ուխտաւորները
Սեպտեմբեր 22-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց գանատահայ ուխտաւորներու` ուղեկցութեամբ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Ներկայացնելով Գանատայի տարբեր քաղաքներէն ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ Հայրենիք ժամանած հայորդիներուն` Աբգար Սրբազանը նշեց, որ գանատահայութիւնը եւ հայոց թեմը մշտապէս մասնակից են Հայաստանի սոցիալական, հասարակական ու մշակութային կեանքին` սատարելով Հայրենիքին առկայ խնդիրներու յաղթահարման գործին մէջ: «Մայր Աթոռը, Հայրենիքը ոչ միայն խորհրդանիշեր են, այլեւ իրական կեանքի իմաստ, որմով մեր հաւատացեալները կ’ապրին», – ըսաւ Սրբազանը` ուխտաւորներու անունէն հայցելով Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր հայրական օրհնութիւնը բերելով ուխտաւոր հայորդիներուն, բարձր գնահատեց Սփիւռքի եւ, մասնաւորապէս, գանատահայութեան նուիրումն ու սէրը Հայրենիքի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հանդէպ: Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ նման այցելութիւնները հոգեւոր վերելքի առիթ են հայորդիներուն համար, որոնք, ազգային, հայրենասիրական եւ հոգեւոր իրենց զգացումները նորոգած, պիտի վերադառնան եւ նոր խանդավառութեամբ լծուին իրենց համայնքային կեանքի յառաջընթացին:
Անդրադառնալով Հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Վեհափառ Հայրապետը նկատեց. «Ապրել ենք եւ դիմակայել մեր բոլոր դժուարութիւններին` շնորհիւ մեր զօրեղ հաւատքի, առ հայրենին ունեցած մեր սիրոյ»: Հայրենի երկրի շինութեան եւ պայծառացման գործին մէջ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն ու անմիջական մասնակցութիւնը:
Հայոց Հայրապետը նաեւ ընդգծեց, որ մշտապէս կ’աղօթէ Սփիւռքի իր զաւակներուն համար` հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնն ու զօրակցութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան իրենց հաւատարմութիւնը պահել հայրենի սուրբ հողին, ազգային հոգեւոր արժէքներուն եւ ապրին հայաշունչ կեանքով:
Եւս մէկ անգամ իր գնահատանքը բերելով գանատահայերուն իրենց հայրենանուէր, եկեղեցասէր ոգիին եւ նուիրումին համար` Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց անոնց` նոյն հայրենասէր ոգով դաստիարակել նաեւ իրենց զաւակներուն, ջանքեր գործադրել ամէն կերպ իրենց օգտակարութիւնը բերելու Մայր հայրենիքին եւ Գանատայի հայ համայնքին:
Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մաղթեց, որ միշտ զօրեղ մնան իրենց հաւատքին, առ հայրենին ունեցած սիրոյ մէջ եւ շարունակեն շէնացնել իրենց կեանքը, պայծառացնել իրենց համայնքները եւ Եկեղեցին: