Զօրահանդէսին Ցուցադրուած Ողջ Ռազմական Սարքաւորումները ՀՀ Զինուած Ուժերունն Է. Արծրուն Յովհաննիսեան

ՀՀ ՊՆ մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան Tert.am-ի հետ զրոյցին յայտարարեց, թէ ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսին ցուցադրուած ողջ ռազմական սարքաւորումները ՀՀ Զինուած ուժերունն է:

«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան պատմութեան ընթացքում եղած զօրահանդէսների ժամանակ ցուցադրուել են միայն ու միայն Հայկական Զինուած ուժերի կազմում եղած սպառազինութիւնները»,-ըսաւ ան:

Նշենք, որ հրապարակումներ եղած էին, ըստ որուն` ցուցադրուող զէնքերուն մէկ մասը ՀՀ Զինուած ուժերունը չէ, եւ ատոնք ցուցադրութեան համար ռուսական կողմը տրամադրած է:

Scroll Up