Հայ երիտասարդներու բողոքի ցոյցը «Ազէրպայճանի գիւղ»-ի բացման արարողութեան

Ինչպէս գրած էինք, Փարիզի 7-րդ թաղամասին մէջ, Սեպտեմբեր 19-ին բացումը կը կատարուէր «Ազէրպայճանի գիւղ»-ին, որ բռնապետական, նախայարձակ, մարդկային իրաւանց բոլոր տեսակի բռնաբարումներու այդ երկրէն դրական պատկեր մը տալու նպատակէն զատ՝ ուրիշ ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՚ունենար ձեռամբ՝ նախագահ Ալիեւի կնոջ՝ Միհրիպան Ալիեւայի, ներկայութեամբ՝ Ազէրպայճանի հետ բարեկամութեան ընկերակցութեան նախագահ եւ երեսփոխան Ժան-Ֆրանսուա Մանսէլի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայեւի:

Հնչակեան երիտասարդներու «Նազարբէկ» միութիւնը եւ «Նոր Սերունդ»-ի տղաքը անջատ կերպով այս առթիւ բողոքի ցոյցեր ըրած են «Ազէրպայճանի գիւղ»-ի մուտքին: Երիտասարդները բարձրախօսներով լոզունգներ արձակած են եւ ցուցանակներ պարզած՝ որոնց վրայ կարելի էր կարդալ՝ «Ազէրպայճան հրոյ հող չէ, այլ՝ արեան հող», «Ֆրանսան ծախու չէ, Ազէրպայճան թող չփորձուի զայն գնել», «Բռնատէր, ոճրագործ Ալիեւ», եւլն. արձանագրութիւնները:

Այս մասին կը յայտնէ Նոր Յառաջ:

Scroll Up