Բոլորուինք Համայն Հայութեան Հայրենիքին Շուրջ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ «Հայերն այսօր»-ին կը գրէ.
Հայրենիքը այնանփոխարինելի պատուարն է, որուն պաշտպանութեան համար թափուող արիւնը յաւերժութեան ուղենիշ կը ծառայէ անոր զաւակներուն:
Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եղած է գոյակռիւներու, փոթորկայոյզ դրուագներու, տխրայուշեւ լուսաւորէջերու համայնապատկեր:
Մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան երկնակամարը կը խաւարի կազմակերպուած Ցեղասպանութեամբ, կը փայլատակի Սարդարապատի հերոսամարտով, ապա՝ Մայիսեան հանրապետութեան ծնունդով:
Սարդարապատի յաղթանակէն քանի մը օր ետք, անկախութեան տեսիլքը իրականութիւն դարձաւ պատմական հայրենիքի մէկ տասերորդ տարածութեան վրայ: Ցեղասպանութենէն վերապրող մեր ժողովուրդը նորանկախ պետականութեան ծիլերուն մէջ տեսաւ վերածնունդի ու փրկութեան վերջին կռուանը:
Մայիսեան անկախութիւնը եղաւ կարճատեւ: Միջազգային եւ շրջանային աշխարհաքաղաքական նոր դաշինքներու եւ փոփոխութիւններու ստիպողութեան տակ խորհրդային կարգեր հաստատուեցան Հայաստանի մէջ: Շնչող անկախութեան գաղափարախօսութիւնը դարձաւ երազ…
Խորհրդային վարչակարգն ալ տեղի տուաւ պատմութեան զարգացումներուն: Պետութիւններ մէկ առ մէկ սկսան դուրս գալ տասնվեց հանրապետութիւններէ բաղկացած ամբողջատիրական համակարգէն:
23 Օգոստոս 1990-ին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը:
21 Սեպտեմբեր 1991-ին, հայրենի ժողովուրդը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, հանրաքուէի միջոցով արտայայտեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախութիւնը վերականգնելու իր ընտրանքը:
Անկախութեան հանրաքուէն համազգային վճռակամութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն էր, ինչպէս նաեւ նոր պատասխանատուութիւններու մարտահրաւէր: Հայաստան, աստիճանաբար դարձաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ այլ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու անդամ:
Այսօր, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կը նշէ քառորդդարեայ անկախութեան տարեդարձը: Անկախութեան քսան եւ հինգ տարիներու անուրանալի իրագործումները արձանագրելով հանդերձ, չենք կրնար անտեսել այն բացթողումները, որոնք կրնան ալեկոծել մեր ժողովուրդին եւ պետականութեան վաղուան օրը:
Անկախութեան տօնը առիթ մըն է արժեւորելու անցնող քսան եւ հինգ տարիներու իրագործումները, քննարկելու բացթողումներուն պատճառները, խորհրդածելու եւ հետեւութիւններ հանելու, յանուն պետականութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան: Արժեւորենք մեր ներկան, որպէսզի կերտենք համայն հայութեան երազներու Հայաստանը:
Դժուար եղան անկախութեան առաջին քսան եւ հինգ տարիները: Բայց երկար է նաեւ յուսախաբութիւններու շարքը: Պիտի խոստովանինք այս մէկը: Համոզուած ենք, որ սրտցաւ, կառուցողական քննադատութիւնը նպաստաւոր իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ, ի շահ մեր հայրենիքին, պետականութեան եւ ժողովուրդին: Չպահուըտինք մեր մատի ետին, ինչպէս կը փորձեն շատեր: Ընկերային, տնտեսական, քաղաքական խոր շերտերով երանգաւորուած է մեր հայրենական առօրեան…:
Դժբախտաբար, իրաւական եւ ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետականութիւնը կը մնայ անկախութեան քսան հինգ եւ տարիներու մեծագոյն բացական: Արտագաղթի ցուցանիշները կը մտահոգեն բոլորս: Անկախութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւններ կ’ենթադրէ ի սփիւռս աշխարհի եւ հայրենիքի: Ի վերջոյ, օտարութիւնը պիտի չդառնայ հայրենիք: Հայրենիքն է մեր բոլորին վերջին կայարանը, անկասկած: Հզօր պետականութեան հովանիին տակ պիտի ծաղկին հայրենաշինութեան եւ հողային պահանջատիրութեան ոգիով դաստիարակուող սերունդները: Հզօր պետականութիւն մը միայն ժողովուրդը պիտի ներշնչէ համոզուելու Արցախի հակամարտութեան լուծումի առաւելագոյն կարելիին:
Հայաստանի անկախութեան քսան եւհինգ տարիներուն առիթով, մեր սրտագին մաղթանքն է, որ հայրենակերտումը դառնայ համահայկական համոզում: Հայրենակերտումը եւ պետական մտածելակերպը ազգային գաղափարախօսութեան հիմնաքար ծառայեն մեր հայրենիքի քաղաքական այրերուն: Գուրգուրանք եւ պահպանենք պատերազմի դաժանութիւններու եւ զրկանքներու գնով կերտուած անկախութիւնը:
Անկախութեան օրը, յաւերժի ճանապարհին վրայ ինկած հայրենիքի նահատակներուն ուխտի եւ հաւատարմութիւն օրն է: Անկախութեան օրը հայրենիքի սահմաններուն պաշտպան, քաջարի բանակին զօրակցութեան օրնէ միաժամանակ: Բայց աւելի կարեւորը՝ հզօր պետականութիւն կառուցելու հաւաքական յանձնառութեան օրը:
Անկախութեան օրն է այսօր: Բոլորուինք համայն հայութեան հայրենիքին շուրջ:
Բիւր յարգանք, Հայաստանի անկախութեան համար ինկած մեր նահատակներուն: