Նախագահը Ընդունած Է «Հովարտ Գարակէոզեան» Յիշատակի Հիմնարկութեան Ներկայացուցիչները
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է «Հովարտ Գարակէոզեան» յիշատակի հիմնարկութեան ներկայացուցիչները` հիմնարկութեան նախագահ Մայքլ Յարաթունեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Հանդիպման սկիզբը Հանրապետութեան Նախագահը նախ շնորհաւորած է «Հովարտ Գարակէոզեան» յիշատակի հիմնարկութեան 95-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ եւ երախտագիտութիւն յայտնած Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ տարիներ ի վեր կառոյցի իրականացուցած հայրենանուէր գործունէութեան համար:
Ընդգծելով, որ «Հովարտ Գարակէոզեան» հիմնարկութիւնը սփիւռքի առաջին կառոյցներէն էր, որ հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ` այդպիսով դառնալով հայաստանակեդրոն կառոյց, Սերժ Սարգսեան ատիկա կարեւոր որոշում համարած է: Նախագահին համոզմամբ, սերտ համագործակցութիւնը Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն հետ, հիմնարկութեան թոյլ կու տայ տեղուոյն վրայ յստակեցնելու օժանդակութեան առաջնահերթութիւնները, ճշգրիտ գնահատելու կարիքները, այն դարձնելու աւելի հասցէական եւ գտնելու աջակցութիւն ցուցաբերելու ամենաարդիւնաւէտ ուղին:
Հանրապետութեան Նախագահը առանձնակի կարեւոր համարած է սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն «Հովարտ Գարակէոզեան» յիշատակի հիմնարկութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը: Սերժ Սարգսեան մաղթած է հաստատութեան անխաթար գործունէութիւն անոր ազգանուէր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին` ակնկալիքով, որ հիմնարկութիւնը հինգ տարի անց մեծ շուքով կը տօնէ իր հարիւրամեակը եւ երկրորդ հարիւրամեակին կ’ունենայ ա՛լ աւելի մեծ ձեռքբերումներ:
Մայքլ Յարաթունեան իր եւ հիմնարկութեան բոլոր գործընկերներուն անունէն շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ Նախագահին ջերմ հիւրընկալութեան, գնահատանքին ու բարեմաղթանքներուն համար: Համառօտ ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հիմնուած «Հովարտ Գարակէոզեան» յիշատակի հիմնարկութեան անցած 95 տարիներու գործունէութիւնը` հաստատութեան նախագահը վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակեն նոյն եռանդով եւ պատուախնդրութեամբ աշխատիլ, մեծցնելով ջանքերը, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` ի նպաստ հայոց երկու պետութիւններու եւ հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան ու հզօրացման գործին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Հովարտ Գարակէոզեան» յիշատակի հիմնարկութեան նախագահ, բարերար Մայքլ Յարաթունեանին պարգեւատրած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար:
Նախագահը պետական բարձր պարգեւ` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալ յանձնած է նաեւ հանդիպման մասնակցող բարերար Գէորգ (Ճորճ) Պաղումեանին, որով ան նախապէս պարգեւատրուած էր` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդի համար: