ՐԱՖՖԻ ՊԵԿԵՐԵՃԵԱՆ. «Շատ Յաճախ Մենք Չենք Լսեր Մեր Սրտի Գանգատները… »

Հոկտեմբեր 25-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 4-րդ համաժողովը:

Գերմանիայէն համաժողովին կը մասնակցէր սրտաբան Րաֆֆի Պեկերեճեան, որու հետ  զրուցած է «Հայերն այսօրի» թղթակիցը.

– 15 տարի է` կ’աշխատիմ Հայտելպերկի հիւանդանոցին մէջ: Սրտի փականներու վիրահատութիւններ կը կատարեմ: Սրտաբանութեան ոլորտին մէջ յատկապէս այս տեսակ վիրահատութիւնները   շատ կարեւոր են ինծի համար:

Ուրախ եմ, որ չըլլալով գերմանացի, Գերմանիոյ մէջ կրցած եմ յաջողիլ իմ գործին մէջ:

Այս ամէնը կախուած է անկէ, թէ տուեալ հաստատութեան տնօրէնը այդ հարցին ինչպէս կը նայի:

Մեր հիւանդանոցի ղեկավարը կարեւոր կը համարէ  լաւ մասնագէտ ըլլալը, այլ ոչ թէ ազգային պատկանելութիւնը: Այդ է պատճառը, որ  յաջողեցայ հասնելու նման յաջողութիւններու:

– Պարո´ն Պեկերեճեան, հետաքրքիր է` ուրկէ են Ձեր արմատները:

– Ծնած եմ Դամասկոս: Երկու տարեկանիս ընտանիքիս հետ տեղափոխուած եմ Գերմանիա, ուր եւ ստացած եմ մասնագիտական կրթութիւնս:

– Ձեր ընտանիքին մէջ բժիշկներ կա՞ն:

– Ծնողներս բժիշկներ են: Հայրս Սուրիայէն, մայրս` Եթովպիայէն: Երկուքն ալ ուսանած են Երեւանի բժշկական համալսարանը, ուր եւ ծանօթացած են ու ընտանիք կազմած:

– Համաժողովին առաջին անգա՞մ կը մասնակցիք:

– Ոչ միայն համաժողովին  առաջին անգամ կը մասնակցիմ, այլեւ նաեւ առաջին անգամ Հայաստան կ’այցելեմ:

Ինծի համար շատ գեղեցիկ առիթ է այստեղ գտնուիլը եւ Հայաստան տեսնելը:

Կարեւորն առաջին քայլն է: Նաեւ լաւ առիթ է, որ դարձեալ գամ, այս անգամ` փոքրիկներուս, ընտանիքիս հետ, որ անոնք ալ հնարաւորութիւն ունենան Հայասատան տեսնելու:

– Ծանօթ հայ բժիշկներ ունի՞ք:

– Ցաւօք, շատ ծանօթութիւններ չունիմ: Այնտեղ, ուր ես կ’ապրիմ, հայեր գրեթէ չկան:

Միայն կը ճանչնամ ֆրանսահայ սրտաբան Ալէք Վահանեանը, որ եւս կը մասնակցի համաժողովին: Եւ անոր շնորհիւ է, որ ես այսօր այստեղ եմ:

Այս համաժողովը տարբեր երկիրներ ապրող հայ բժիշկներու հետ ծանօթութիւններ հասատատելու լաւ առիթ է:

– Պարո´ն Պեկերեճեան, տարիէ տարի սրտաբանութեան ոլորտին մէջ նոր մեթոտներ կը կիրառեն, բայց, ցաւօք, սիրտ-անօթային հիւանդութիւններէ մահացութեան դէպքերը կը շարունակեն աճիլ: Ձեր կարծիքով` ո՞րն է պատճառը:

– Ընդունուած կարծիք է, որ որքան զարգացած է երկիրը, այնքան տարածուած են սրտի խնդիրները: Հետաքրքիր է, որ անգամ ծերութեան ժամանակ մարդիկ աւելի յաճախ կը մահանան սրտի հետ կապուած խնդիրներէ, այլ ոչ թէ ուրիշ հիւանդութիւններէ: Ասոնք հարցեր են, որոնց քիչ մը դժուար է պատասխանել:

– Որպէս բժիշկ` ի՞նչ խորհուրդ կու տաք առողջ սիրտ ունենալու համար:

– Սրտի ամենամեծ թշնամին ծխախոտն է, յատկապէս եթէ շատ երիտասարդ տարիքեն կը սկսին ծխել:

Առողջ սիրտ ունենալու համար կարեւոր է առողջ ապրելակերպ, մարզանքով զբաղիլը:

Ի հարկէ, առկայ է նաեւ ժառանգականութեան խնդիրը, որ մարդը փոխել չի կրնար:

– Պարո´ն Պեկերեճեան, ի՞նչն է պատճառը, որ մարդիկ շատ յաճախ չեն իմանար, որ սրտի հետ կապուած խնդիրներ ունին:

– Ինծի համար  քիչ մը դժուար է այդ ամէնը հայերէնով բացատրել, որովհետեւ շատ նեղ, մասնագիտական հարց է սա:

Երբեմն մարդը չզգար, որ սրտի խնդիր ունի, բայց իրականութեան մէջ անոր սիրտը 50 տոկոսով «հիւանդ» է: 50 տոկոսը շատ արագ, հնարաւոր է` անգամ մէկ օրուան մէջ, դառնայ 100 տոկոս, ինչ որ  կաթուածի պատճառ կը դառնայ, եւ մարդը կը մահանայ:

Բայց պէտք է նշեմ, որ նման դէպքեր շատ քիչ կը պատահին: Պարզապէս շատ յաճախ մենք չենք լսեր մեր սրտի գանգատները:

– Դուք ըսիք, որ յաջորդ անգամ կը ցանկանաք Հայաստան այցելել ձեր ընտանիքին հետ: Զրոյցի վերջաւորւոթեան քիչ մը կը պատմէ՞ք ձեր ընտանիքին մասին:

– Երկու տղայ ունիմ: Կինս գերմանացի է, բայց ես երեխաներուս հետ հայերէն կը խօսիմ, եւ անոնք ալ բաւականին լաւ կը տիրապետեն լեզուին: Անշուշտ, դիւրին չէ, յատկապէս երբ մարդ կ’ապրի օտար երկրի մէջ, ու շուրջը բարեկամներ,  հայեր չկան:

Երեխաներս միայն ծնողներուս հետ կրնան հայերէն խօսիլ: Բայց կը փորձեմ, որքան  հնարաւոր է, անոնց մէջ հայութիւնը պահել:

Զրուցեց  Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up