Գոհաբանական Մաղթանքի Արարողութիւն Երկու Կաթողիկոսներուն Մասնակցութեամբ ` Նուիրուած Անկախութեան Տօնին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Սեպտեմբեր 20-ին հայաստանեան թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին առիթով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Երեւանի մէջ Գոհաբանական մաղթանքի արարողութիւնը կը կատարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ նոյն օրը` ժամը 18:00-ին` հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի:

Scroll Up