Հայկական Մշակոյթը Ներկայացուեցաւ Լիոնի ՄԷջ

Սեպտեմբեր 9-11 Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի կեդրոնական Պելկուր հրապարակին վրայ կայացաւ աւանդական «Հիւպատոսական տօներ» ամէնամեայ ձեռնարկը, որուն մասնակցող 48 հիւպատոսութիւններ, ներառեալ` Լիոնի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, ներկայացուցին իրենց երկիրներու մշակոյթը, խոհանոցն ու ազգային իւրայատկութիւնները:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հայկական տաղաւար այցելուները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ պատմութեան, հարուստ մշակոյթի ժառանգութեան, ժողովրդական երգարուեստին, ինչպէս նաեւ համտեսելու հայկական կերակրատեսակներ:

Ձեռնարկին ընթացքին Լիոնի «Նայիրի» պարային խումբին կողմէ ներկայացուեցաւ հայկական քոչարին, կատարուեցան նաեւ հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական երգեր:

Հայկական տաղաւարի պատուաւոր հիւրն էր Լիոնի քաղաքապետ խորհրդարանական Ժերար Գոլոմպը: Լիոնի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Նիքոլայ Սարքիսովի հետ առանձնազրոյցի ժամանակ երկուստեք ընդգծուեցաւ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Scroll Up