Կառավարութիւնը Հաստատած Է Հայաստան Ժամանող Փախստականներու Օգնութեան Գումարին Չափը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Karavarutyun1.jpg)
Կառավարութիւնը հաստատած է Հայաստան ժամանող փախստականներու օգնութեան գումարի չափը: Այս մասին համապատասխան որոշումը ընդունուած է այսօր` Սեպտեմբեր 15-ին կայացած Կառավարութեան նիստին:
Ժամանակաւոր տեղակայման կեդրոնին մէջ տեղաւորուելու հնարաւորութեան բացակայութեան պարագային փախստականներուն եւ ապաստան փնտրողներուն ամսական կը տրամադրուի 20 հազար դրամ (դիմողին` 20 հազար դրամ, իսկ ընտանիքի անդամներուն` 15000-ական դրամ):