Dasaran-ը Ճանչցուած Է Աշխարհի Լաւագոյն 5 Նորարարական Ծրագիրներէն Մէկը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Dasaran-300x225.png)
Dasaran կրթական ծրագիրը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) զարգացման ծրագիրի (UNDP) եւ Impact Hub-ի նախաձեռնած Accelerate2030 միջազգային մրցոյթին ճանչցուած է լաւագոյն 5 նորարարական ծրագիրներէն մէկը, կը յայտնեն Dasaran կրթական ծրագիրի գրասենեակէն:
Առաջին անգամ իրականացուող Accelerate2030 միջազգային մրցոյթին աշխարհի 4 մայրցամաքէն մասնակցած է ընդհանուր առմամբ 177 կազմակերպութիւն, որոնցմէ որպէս լաւագոյն ընտրուած է ընդամէնը 5-ը, ներառեալ Հայաստանը ներկայացնող Dasaran-ը:
Ըլլալով լաւագոյններու շարքին` Dasaran-ը հնարաւորութիւն ստացած է` ս.թ. Հոկտեմբեր 6-ին Հայաստան ներկայացնելու Ժնեւի մէջ կայանալիք Սոցիալական նպատակներու գագաթնաժողովին:
«Մեր գործունէութեամբ մենք նպատակ ունենք Հայաստանն աշխարհին առաւել ճանաչելի դարձնել ոչ այնքան որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած, որքան ժամանակակից կրթական մոտելներ ստեղծող եւ արտահանող երկիր»,-այս առթիւ նշած է Dasaran կրթական ծրագիրի հիմնադիր նախագահ Սուրէն Ալոյեան: