ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէլ Քաղաքի Քաղաքապետ-ծերակուտական Ժան Քլոտ Կոտէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը
Հոկտեմբեր 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի քաղաքապետ-ծերակուտական Ժան Քլոտ Կոտէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին էին` Մարսէլի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Ռոլան Պլումը, Մարսէլի քաղաքապետի տեղակալ Տիտիէ Փարաքեանը, Մարսէլի 13 եւ 14-րդ թաղամասերու թաղապետ Կարօ Յովսէփեանը, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Տոմինիք Վլաստօն: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենոն:
Նախարարը ողջունեց ներկաները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու, Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքի աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ապրող հայերու` Ֆրանսայի հասարակական կեանքին աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման վերաբերեալ օրէնքներու նախագիծերուն ուղղուած աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:
Ժան Քլոտ Կոտէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար` նշելով, որ Մարսէլի մէջ կ’ապրին 80 հազար հայեր, որոնք համախմբուած են եւ աշխատասէր: Անոնք ամէն ինչ կ’ընեն Հայաստանի եւ Ֆրանսայի զարգացման եւ յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ ջերմ բարեկամութեան համար: Քաղաքապետն ընդգծեց, որ հայերը կարեւոր դերակատարում ունին Ֆրանսայի տնտեսութեան մէջ: Հայերու հետ համագործակցութեան որպէս արդիւնք բացուեցաւ Համազգային դպրոցը, որ դրական ընդունելութիւն գտաւ ֆրանսական միջավայրին մէջ: Ներկայիս դպրոցն ունի 320 աշակերտ, որոնք բոլորն ալ ունին բարձր յառաջադիմութիւն:
Հանդիպման աւարտին Մարսէլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտէնը ՀՀ սփիւռքի նախարարին պարգեւատրեց Մարսէլի շքանշանով: