Վոկալ Երաժշտութեան Երեկոյ` «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Ծիրէն Ներս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/պաստառ.jpg)
Սեպտեմբեր 15-ին, ժ.19:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի պիտի ունենայ վոկալ երաժշտութեան երեկոյ: Ելոյթ պիտի ունենան պոլսահայ երգիչ, պարիթոոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին սրկ. Կալիպեան:
Համերգին ընթացքին պիտի հնչեն Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Ալան Յովհաննէսի եւ հայ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Համերգը կը նուիրուի ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին: