«MosShoes-2016». Գործարար Կապերու Նոր Հարթակ` Հայկական Կօշիկ Արտադրողներուն Համար

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ մեր երկրի 10 ընկերութիւններ մէկ միասնական տաղաւարով Սեպտեմբեր 13-16 կը մասնակցին Մոսկուայի մէջ այսօր բացուած «MosShoes-2016» միջազգային ցուցահանդէսին, որ կօշիկի եւ կաշուէ պարագաներու արտադրութեան Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի խոշորագոյն ցուցահանդէսն է: Հայկական ընկերութիւնները մասնագիտացուած միջազգային այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին արդէն երրորդ անգամ:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութեան փոխանցմամբ` «MosShoes» 69-րդ միջազգային ցուցահանդէսին հայկական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը Հիմնադրամին կողմէ ապահովուած է արտահանման ուղղուած արդիւնաբերական քաղաքականութեան ռազմավարութեամբ նախատեսուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

«Հայկական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը կազմակերպած ենք հինականին մէջ արտահանման խթանման եւ հայկական արտադրանքի ճանաչելիութեան բարձրացման նպատակով: Տարեկան այս ցուցահանդէսին կ’այցելէ աւելի քան 12 000 մարդ` հիմնականին մէջ մեծածախ գնորդներ եւ ոլորտի մասնագէտներ, եւ սա մեր արտադրողներուն համար նաեւ լրացուցիչ ճանապարհ է` միջազգային շուկայ մուտք գործելու եւ նոր գնորդներ ձեռք բերելու համար»,- նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտիչեան:

 

Scroll Up