Խաչի Միւս Տօները

ԵՐԵՐՄԵԱՄ ԽԱՉ: Երուսաղէմի մէջ 351 ին հոգեգալստեան օրը առուան ժամին երկինքի վրայ երեւցաւ հսկայ մեծութեամբ լուսաւոր ԽԱՉ մը:Հայ Եկեղեցին այս տօնը կը նշէ ամէն տարի, 2016 թուակիր տարուայ համար այս թուականը  հանդիպեցաւ    24 Ապրիլ 2016  թուականին.

ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉ: Սուրբ Հռիփսիմէ կոյսը իր քով ունէր Քրիստոսի ծաչափայտէն փոքր մաս մը ,որ պահաց էր ՎԱՐԱԳ լերան վրայ ժայռի մը մէջ:Այս խաչափայտի մասը Լուսաւոր տեսլիքի ձեւով կը 653 թուականին կը յայտնուի երկու ճգնաւորներուն, որոնք կուգան վարագայ վանքի եկեղեցւոյն տեղը հանգչելու համար: Հոն վանք մը կըշինուի եւ կը կոչուի Սուրբ Նշան:Այս տօնը միայն հայ եկեղեցւոյն յատուկ է կը տօնուի Խաչվերացի տօնէն 15 օր ետք կիրակի օր, այս թուականը  2016 թուակիր տարուայ համար կը հանդիպի  25 Սեպտեմբեր  2016 կիրակի օր .

ԳԻՒՏ  ԽԱՉ: Յիսուսի եւ  միւս երկու աւազակներուն խաչերը մնացած էին Գողգոթայի վրայ, հոն իբր նախատինք , աղբանոց ըլլալով գործածուած էր 300 տարի : Երբ Մեծն Կոստանդիանոս Քրիստոնէութիւնը ընդունեց , մայրը Հեղինէ Թագուհին 326 թուականին Երուսաղէմ երթալով ուղեց խաչը գտնել , փնտրեց ,հրիայի մը օգնութեամբ Գողգոթայի մէջ գտան երեք խաչերը, մեռաց պատանի մը, դիակը դրին խաչերուն վրայ եւ այդ ատեն  մեռելը յարութիւն առաւ: Այս դէպքի վրայ Երուսաղէմի պատրիարքը  խաչը բարձր տեղ մը կանգնեցուց ,ժողովուրդըըխաչին երկրպագեց, յետոյ ,խաչը զետեղուեցաւ Երուսաղէմի մայր տաճարին մէջ: Գիւտ Խաչը կը տօնուի Խաչվերացի 7- րդ կիրակին որ կը հանդիպի հոկտեմբեր 23 էն  29.

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Scroll Up