Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90ամեակի Ձեռնարկներուն Նուիրուած Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներու միութեան, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին տեղի պիտի ունենայ հրապարակային ներկայացում մը՝ նուիրուած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 90ամեակի հանդիսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն։
Խօսք պիտի առնեն հանդիսութիւններուն ներկայ եղած շրջանաւարտներ Մինաս Գոճայեան եւ Գէորգ Յակոբեան։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահը (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001)։

Մուտքը ազատ է, եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up