Հայ Իրաւաբանական Միութեան Ներկայացուցիչները Առաջնորդարան Կ՛այցելեն
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31ի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն:
Հիւր ներկայացուցիչները Ազգ. առաջնորդարան եկած էին առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորելու համար, Ազգ. երեսփոխանական ժողովին կողմէ 6րդ շրջանի իր վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ թեմիս մէջ անոր երկարամեայ ծառայութեան առիթներով: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու առաջնորդարանին եւ այս ընկերակցութեան միջեւ գործակցութեան դաշտերուն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութեանց մասին: Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութեանց ու հայրենանպաստ ծառայութիւններու ծաւալման միջոցներուն մասին, նաեւ անդրադարձ եղաւ Սիսի պատմական աթոռի կալուածներուն վերատիրացման նպատակով Անթիլիասի կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատին: Հիւր ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դնելու այս աշխատանքին:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Հայ իրաւաբանական միութեան գործունէութիւնը, որ ունի նաեւ ազգային ծառայութեան բազմաթիւ գիծեր, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: