ՄԱԵԽը Շեշտեց Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Կարեւորութիւնը

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) 11րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները՝ շեշտելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը:

Համաժողովի մասնակիցները եզրափակիչ յայտարարութեամբ կոչ ուղղեցին անմիջապէս վերջ տալու պատերազմներուն, դադրեցնելու ծայրայեղական շարժումներուն տրուած օգնութիւնները, ապահովելու գաղթականներուն տունդարձը, դատապարտելու ցեղասպանութեանց, ինչպէս նաեւ ցեղային ու կրօնական «զտում»ի բոլոր արարքները, զօրակցելու պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատին, ազատ արձակելու բոլոր առեւանգուածները, անյապաղ կատարելու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ վերաշխուժացնելու Կիպրոսի կղզիի վերամիացման աշխատանքները:

Նշենք, որ համաժողովին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Թաւատրոս Բ. եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Աֆրամ Բ. անջատ հանդիպում մը ունեցան: Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջեկեղեցական եւ ՄԱԵԽի հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր, քրիստոնեաներու արտագաղթը եւ շրջանէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հոգեւոր պետերու առանձնակի հանդիպումէն ետք, անոնց միացան խորհուրդի համաժողովին մասնակցող երեք եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները: Վեհափառն ու պատրիարքները մանրամասնօրէն տեղեակ պահուեցան Ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Արեւելեան Ուղղափառ, Կաթոլիկ ու Անկլիգան եկեղեցական ընտանիքներուն միջեւ տեղի ունեցող պաշտօնական աստուածաբանական երկխօսութիւններուն մասին: Հոգեւոր պետերը շեշտեցին աստուածաբանական երկխօսութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը եւ միջեկեղեցական ժողովներուն ընթացքին աստուածաբանական հարցերու շուրջ մեր ընտանիքի միակամ կեցուածքը արտայայտելու անհրաժեշտութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Աֆրամ Բ. պատրիարք մանրամասնօրէն խօսեցան Սուրիոյ հայ եւ ասորի համայնքներուն դիմակալած նեղութիւններուն մասին: Անոնք շեշտեցին, որ մեր համայնքները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ միւս համայնքները, կը փորձեն յաղթահարել ստեղծուած ամէն տեսակի տնտեսական ու ապահովական դժուարութիւններ եւ հաստատեցին, որ այս պայմաններուն տակ մեր եկեղեցիները առաւելագոյն չափով մեր զաւակներուն կողքին են:

Scroll Up