Ժամանակն Է Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Նոր Մօտեցում Որդեգրելու. Տիմեճեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/ANCA.jpg)
Սեպտեմբեր 7ին ընթացք առած քրիստոնեաներու պաշտպանութեան նուիրուած համաժողովին երկրորդ օրը, Քոնկրեսի այցելուներու բաժանմունքի սրահին մէջ հաւաքուած աւելի քան 35 ամերիկացի քոնկրեսականներու, ինչպէս նաեւ կրօնական ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութեանց ղեկավարներու առջեւ ելոյթ մը ունենալով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այտա Տիմեճեան կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համար աւելի ազդու քայլերու դիմէ, միաժամանակ պահանջելով Ուաշինկթընէն, որ վերջ դնէ իր մեղսակցութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու գծով Անգարայի արշաւին մէջ։
«Հոս կանգնած եմ իբրեւ թոռնիկը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու, որ Միջին Արեւելք (Պէյրութ, Լիբանան) ծնած է եւ հարսն է իր հաւատքին համար հալածուելով՝ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն հեռանալու պարտադրուած հայ քրիստոնեայ ընտանիքի մը», ըսաւ Տիմեճեան, շեշտելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութեանց հալածանք ու սպանդը ցեղասպանութիւն է։
Նկատել տալով, ու հայութիւնը հարիւրամեակէ մը աւելի է, որ դէմ կը դնէ Ցեղասպանութեան եւ անոր ուրացման հետեւանքներուն, Տիմեճեան շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պաշտօնապէս ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, որուն նախաքայլը կրնայ ըլլալ վաւերացումը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 154 բանաձեւին։ Ան նշեց, թէ նման քայլի մը վաւերացումը հետեւեալ դրական ազդեցութիւնները պիտի ունենայ.
– Կարելի պիտի ըլլայ նման ողբերգութեան առաջքը առնել.
– Թուրքիա պիտի պարտադրուի աւելի հանդուրժող ըլլալ՝ ընդունելով իր անցեալի ոճիրները, Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ օրինակով.
– Կարելի պիտի ըլլայ արդարութեան եւ ճշմարտութեան հիմքերու վրայ կերտել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումը.
– Կարելի պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու միջազգային վարկը բարելաւել՝ փակելով իր պատմութեան մէջ Ցեղասպանութեան ուրացման ամօթալի էջը։
Նշենք, որ «Ցեղասպանութենէն անդին. Քրիստոնէութեան պահպանում Միջին Արեւելքի մէջ» խորագրուած համաժողովին գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը կը հանդիսանար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Տիմեճեանի ելոյթը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/lv4lcM3HdNw կայքէջը։
Համաժողովին նպատակն էր ճնշում բանեցնել քաղաքական ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի աւելի ազդու եւ գործնական քայլերու դիմէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման գծով: