Տանիէլ Տեքըրեան Ելոյթ Կ’ունենայ Հայաստանի ՄԷջ

«Ես հայ եմ իմ ընտրութեամբ» կարգախօսով առաջնորդուող երգահան, երգիչ, երաժիշտ Տանիէլ Տեքըրեան Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին հետ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ Հոկտեմբերի 10-ին հանդէս պիտի գայ համերգով: Համերգը կազմակերպած է «Mezzo Production»-ը: Ձեռնարկին գեղարուեստական ղեկավարն է ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Նորայր Դաւթեան:

Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ Տանիէլ Տեքըրեանի եւ Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի համերգին ելոյթ կ’ունենան նաեւ յատուկ հիւրեր` ճանչցուած թրքահայ երգչուհի Սիպիլը, ՀՀ վաստակաւոր արուեստգէտ Համլէթ Գէորգեանը, «The Beautified Project» ռոք-խումբի հիմնադիր Անտրէ Սիմոնեանը եւ ուրիշներ:

Տանիէլ Տեքըր ծնած է Փորթօ Ռիքոյի մէջ, մեծցած Նիւ Եորքի մէջ: Ճանչցուած գործիչը տարբեր առիթներով իր հիացմունքը արտայայտած է Հայաստանի եւ հայկական երաժշտութեան նկատմամբ: Հայաստանին եւ հայոց պատմութեան ծանօթացած է հայ երաժիշտ, երգահան, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արա Գէորգեանի միջոցով: Հայ երգահանին հետ համագործակցութիւնը տուած է իւրայատուկ պտուղներ. 2002-ին ան Սարդարապատի մէջ մասնակցած է Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած համերգին, գրած եւ կատարած է Գէորգեանի «Ատանա» երգի անգլերէն բառերը, ինչպէս նաեւ համերգներով շրջագայած ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտին հետ: Հայաստանին սիրահարուած երաժիշտը անգամ իր փաստաթուղթերուն մէջ փոխած է ազգանունը`դառնալով Տեքըրեան:

«Երբ կը համագործակցէի Արա Գէորգեանի հետ, լսեցի անոր «Մուշ» ստեղծագործութիւնն ու պարզապէս սիրահարուեցայ հայկական երաժշտութեան: Մեր համագործակցութիւնը արդէն քանի տարի կը շարունակուի, ան ինծի համար լաւ եղբայր ու ընկեր է»,- առիթով մը ըսած է Տեքըրեան:

2005 թուականին Տանիէլ Տեքըրեան Հայաստանի կողմէ պաշտօնապէս հրաւիրուած է Երեւան` երգելու «Ատանա»-ն Ցեղասպանութեան 90-րդ տարելիցին նուիրուած համերգին ժամանակ: 2010-ին թողարկած է «Ես հայ եմ իմ ընտրութեամբ» ձայնասկաւառակը, որուն մէջ ընդգրկուած է 13 երգ` «Կիլիկիա», «Տլէ Եաման», «Մարտիկի երգը», «Սիրոյ գիշեր», «Աղջկայ երգը», «Հայոց աշխարհ», «Ատանա» երգի անգլերէն տարբերակը եւ այլն:  Նոյն թուականին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի  ունեցած է Տեքըրեանի համերգը:

ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ հայկական անձնագիր ունեցող երգիչը հայ սիրելի ժողովուրդին կողքին է նաեւ դժուարին պահերուն: Ապրիլեան օրերուն ամերիկացի երաժիշտը Հայաստանի մէջ էր` ծանր ժամանակաշրջանին Հայաստանի եւ Արցախի կողքին գտնուելու նպատակով:

«Ինչպէս եւ անժխտելի է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այնպէս ալ անժխտելի է Արցախին` հայկական հող ըլլալը»,- այս տարի Հայաստանի մէջ նշած է Տեքըրեան`վստահեցնելով, որ Հայաստանը իր կեանքին մէջ մեծ տեղ ունի եւ իր յառաջիկայ ծրագիրները կապուած են հէնց մեր երկրին հետ:

Scroll Up