Հայ Դատի «Տարուան Օրէնսդիրը» Մրցանակը Պիտի Շնորհուի Ատրին Նազարեանին
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը պիտի շնորհէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանին, նկատի ունենալով հայութիւնը յուզող հարցերուն շարունակաբար զօրակցելու անոր կեցուածքը։
«Ատրին Նազարեան, ըլլալով շրջանի հայ համայնքին իսկական զաւակներէն մէկը՝ իր աշակերտական օրերէն իսկ նեցուկ կանգնած է Հայ Դատի պաշտպանութեան աշխատանքներուն եւ նոյն այդ Հայ Դատին նուիրուած մնացած է իր ամբողջ քաղաքական կեանքին ընթացքին, յատկապէս Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ առաջնորդող դեր ստանձնած է Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբաւորման կազմութեան, դէպի Հայաստան եւ Արցախ կատարուած Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի պատուիրակութեան այցին, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը նահանգային վարժարաններուն մէջ ընդարձակելու աշխատանքին եւ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ներդրումները ետ քաշելու ջանքերուն մէջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
«Հպարտ եմ, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է ինծի շնորհել իր «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը», իր կարգին կը յայտնէ Ատրին Նազարեան, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Հայ Դատին հետ իր գործակցութիւնը աւելիով կը սերտանայ՝ նպաստելով հայութեան շահերուն եւ պատիւ բերելով մեր նախահայրերու զոհողութեանց։
Նշենք, որ առաջին անգամ 2012ին Քալիֆորնիոյ նահանգային անդամ ընտրուած Ատրին Նազարեանը խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ 46րդ ընտրատարածքը, որուն մէջ կ՛իյնայ Սան Ֆերնանտօ հովիտի մեծ մասը, ներառեալ՝ Հոլիվուտ Հիլզ, Լէյք Պալպօա, Նորթ Հիլզ, Հիւսիսային Հոլիվուտ, Փանորամա Սիթի, Շըրմըն Օքս, Թոլուքա Լէյք, Սթուտիօ Սիթի, Վելի Վիլեճ, Վելի Կլեն, Վեն Նայս եւ Եունիվըրսըլ Սիթի:
Նշեալ իրագործումներուն կողքին, անոր ջանքերով Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը վաւերացուցած է 2016-2017 տարեշրջանի ամավարկէն միլիոն տոլար ապահովելու որոշումը, Կլենտէյլի մէջ կառուցուող Ամերիկահայութեան թանգարանին համար, եւ առաւել 500,000 հազար տոլար՝ «Լարք» երաժշտանոցին համար։
Յայտնենք, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի անձնակազմի նախկին պետը հանդիսացած Նազարեան, երկար տարիներէ ի վեր գործօն անդամ մըն է հայ համայնքին մէջ: Ան Գրիգորեանի անձնակազմին պետն էր, երբ Գրիգորեան անդամ էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խոր-հրդարանին, ու միասնաբար ի-րենց կարելին ըրած էին՝ հայութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար Սաքրամենթոյի մէջ:
Նազարեան հասակ նետած է Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ եւ տնտեսագիտութեան իր վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA): Ան եղած է քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի օգնականը եւ Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ Կրէյ Տէյվիսի կողմէ նշանակուած էր Քալիֆորնիոյ առեւտուրի մարմինի յատուկ օգնական: Երկրորդական ուսումը ստացած է «Ֆերահեան» վարժարանէն եւ եղած է ՀԵԴի ու ՀՄԸՄի անդամ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, կ.ե. ժամը 4:30էն սկսեալ, «Ուեսթըն Պոնաւենչըր» պանդոկին մէջ: Տոմսերու համար, դիմել (818) 839-1918 թիւին, կամ այցելել www.ancawrgala.org կայքը:
Հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (818) 500-1919 թիւին կամwww.ancawr.org/gala/sponsorship կայքէջին: