Հայուհին՝ Նոր Զելանտիոյ գեղեցկութեան մրցոյթի10 լաւագոյններու շարքին

Միլէնա Տէրեան, 24 տարեկան Նոր Զելանտիոյ` Ուիլըկնթըն քաղաքէն, մասնակցած է Նոր Զելանտիոյ գեղեցկութեան մրցոյթին եւ անցած 10 լաւագոյններու շարքին, բայց այդքանով աւարտած  իր մասնակցութիւնը:

Այս մասին Նոր Զելանտիայէն «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ  Գոհար Պաղտասարեանը: Միլէնան ծնած է Հայաստան, տեղափոխուած են Նոր Զելանտիա 2008-ին: Երեք տարեկանէն Միլենան զբաղած է լատին-ամերիկեան պարերով: Ան ըսած է, որ պարը մեծ տեղ կը գրաւէ իր կեանքին մէջ եւ չի պատկերացներ կեանքը առանց պարի: 2011-ին մասնակցած է Նոր Զելանտիոյ մէջ «Եթէ կարող ես պարէ» նախագիծին,  նաեւ մասնակցած  է դրուագաշարերու, ինքզինքը կը համարէ արուեստագէտ եւ ստեղծագործող մարդ:

Մասնակցած է բազմաթիւ վարսայարդարման մրցոյթներու եւ յաղթած:

Միլէնան գեղեցկութեան մրցոյթին մասնակցութեան մասին կ’ըսէ, թէ ամէնէն լաւ որոշումն էր, որ առած է իր կեանքի մէջ, մրցոյթին  ընթացքին շատ բան սորված է,  եւ անձնաւորութիւնը աճած  տարբեր ձեւերով:

Scroll Up