Հայաստանն Ու Ղազախստանը Կը Վերականգնեն Օդային Հաղորդակցութիւնը
Աստանա-Երեւան ուղիղ չուերթի մեկնարկը 2014-2015 թթ հայ-ղազախական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի օրակարգին է: Ուղիղ չուերթներու հաստատումը կրնայ նպաստել զբօսաշրջային հոսքերու աճ, մանաւանդ, որ հոկտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ մեկնարկած միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին Հայաստանի Ջերմուկ եւ Ղազախստանի Շուշինսկ առողջարանային քաղաքներուն միջեւ եղբայրական յուշագիր ստորագրուեցաւ այդ քաղաքներու քաղաքապետներու կողմէ: Յանձնաժողովը քննութեան առաւ նաեւ փոքր ու միջին գործարարութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, փոխադրութեան, բնապահպանութեան, քաղաքաշինութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման հարցերը:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ, յանձնաժողովի համանախագահ Գրիշա Բաղիյեանի խօսքով` հայ-ղազախական յարաբերութիւններն ունին խորացման նախադրեալներ, յատկապէս, երբ Հայաստանը ցանկութիւն յայտնած է միանալ մաքսային միութեան: «Լինելով Մաքսային միութեան անդամ` Ղազախստանը մեծ փորձ ունի, եւ մեր յանձնաժողովը պէտք է տանի համապատասխան աշխատանք նրանց փորձն ուսումնասիրելու եւ օգտագործելու համար»,-«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ`
ըսաւ Բաղիյեան:
Ընթացիկ տարուան ութ ամիսներուն ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ արտաքին առեւտրի շրջանառութիւնը աւելցած է երկու անգամ, ստեղծուած են միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւններ: «Յանձնաժողովի նախորդ նիստերի արդիւնքում հաստատուած որոշումները կատարուել են կամ էլ գտնւում են կատարման փուլում:
մեր երկրները սերտ կապեր են հաստատել առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, բնապահպանութեան, տրանասպորտի ոլորտներում:
Առողջապահութեան ոլորտում, օրինակ, եկել ենք համաձայնութեան առկա ինֆեկցիոն հիւանդութիւնների, դրանց բուժման ձեւերի, յայտանաբերուած կեղծ դեղերի վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակման ուղղութեամբ»,-ըսաւ ՀՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը:
Ղազախստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Մարատ Թալիբաեւը կարեւոր համարեց հայ-ղազախական բարեկամութիւնը, շեշտեց Ղազախստանի մէջ հայկական սփիւռքի առկայութիւնը եւ անոր դերը յետագայ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
«Մենք կը հարթենք ճանապարհ առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ այլ տիպի համագործակցութեան համար, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը կատարէ միջկառավարական յանձնաժողովի ծիրէն ներս: Եթէ մանրամասնենք, ապա մեզ շատ հետաքրքիր է Հայաստանի փորձը խաղողագործութեան, գինեգործութեան ասպարէզներուն մէջ: Կը կարծեմ` Հայաստանը այս ոլորտին մէջ իր գրանցած յաջողութիւններով Ղազախստանի հետ կիսուելու բան ունի»,-ըսաւ Թալիբաեւը` աւելցներով, որ իրենք հետաքրքրուած են նաեւ նորագոյն տեխնոլոգիաներու ոլորտին մէջ Հայաստանի փորձով: «Կրթական ոլորտին մէջ եւս կարելի է ակնկալել համագործակցութիւն: Ղազախստանի մի քանի տասնեակ ուսանող այժմ Հայաստանի մէջ կ’ուսանին, իսկ Ղազախստանի մէջ ուսանելու համար կան հետաքրքրուողներ Հայաստանէն:
Մենք հետաքրքրուած ենք նաեւ լեզուներու ուսուցման ծրագիրներով, յատկապէս, երբ գիտնականները պարզած են, որ մեր երկիրներու լեզուները նոյն արմատները ունին»,- ըսաւ Ղազախստանի գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը:
Յանձնաժողովի 4-րդ նսիտը կայացած է Աստանայի մէջ 2012 թուականի յունիս 7-ին: