Ռիօ-2016. Հայաստան 2 Մարզուհիներով Ներկայացած Է 15-րդ Պարալիմպիկ Խաղերուն

Ռիոյի «Մարականա»  մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած է 15-րդ Պարալիմպիկ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, կը յայտնէ sport.news.am-ը:

Մրցումներուն Հայաստանէն կը մասնակցին 21-ամեայ լողորդուհի Մարգարիտա Յովակիմեան եւ 30-ամեայ ծանրորդուհի Կրեթա Վարդանեան: Անոնք հանդէս  եկած են նաեւ 2012թ. Լոնտոնի Պարալիմպիկ խաղերուն:

Ռիոյի մէջ Կրեթա Վարդանեան 55 քկ քաշային կարգին մէջ հանդէս կու գայ Սեպտեմբեր 10-ին, Կրեթա Յովակիմեան 50 մեթր ազատ ոճի մէջ` Սեպտեմբեր 10-ին,  100 մեթր պրասի մէջ` Սեպտեմբեր 11-ին:

 

Scroll Up