«ՆԱԽԱՊԱՏՒՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ»

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒ ԵՒ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՄԱՐԹԷՆ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հարցում – Ինչպէս ծանօթ է, Կիւլպէնկեան Հիմնարկը Փետրուար 1էն ունի նոր տնօրէն մը, յանձինս՝ Ռազմիկ Փանոսեանի։ Վերջինիս նշանակումը ի՞նչ փոփոխութիւններ կ՚ենթադրէ Հիմնարկի գործունէութեան մէջ եւ ընդհանրապէս ի՞նչ ուղղութիւն պիտի ստանան աշխատանքները։
Մարթէն Եսայեան– Մենք նոր տնօրէնին տուած ենք բացարձակ ազատութիւն, բայց նաեւ ըսած ենք իրեն, որ փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան մեր գործելակերպին մէջ, նորարար ձեւերով աշխատելու, օրինակ որոշ մրցակցութեամբ ընտրուին մեզի ներկայացուած դիմումները, հիմնուելով յստակ ծրագիրներու վրայ։
Ան ձեռնարկեց զանազան երկիրներ ճամբորդութեան, հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։ Վերադարձին Պ. Փանոսեան տեղեկացուց, թէ մեր գործելակերպն է, որ փոփոխութեան կը կարօտի, իսկ ուղղութիւնը կը մնայ նոյնը, հետեւաբար դրամի յատկացման մեր փիլիսոփայութիւնը վերատեսութեան ենթարկուած է, անոր օգտագործման ճիշդ ձեւերը կ՚ուսումնասիրուին, ճիշդ նպատակին ծառայելու եզրերը կը քննարկուին։ Առ այդ մեր ընդհանուր առաքելութիւնը եւ մեր առաջնահերթութիւնները կը մնան նոյնը։ Իմ կարծիքով Հիմնարկի հայկական բաժնի մեր նոր տնօրէնը այդ գործին համար ճիշդ անձն է, նկատի ունենալով որ ան լաւ կը ճանչնայ հայկական Սփիւռքը։
Հարցում – Նոր ծրագիր մշակելու գործընթաց մը հաստատած էք Հիմնարկի ապագային համար։ Արդեօք պայմանաժամ մը գոյութիւն ունի՞, արդիւնքներու ստուգման համար։
Մարթէն Եսայեան– Մեր ծրագիրը նախատեսուած է յառաջիկայ հինգ տարիներու համար, սակայն մենք պիտի չընկրկինք դժուարութիւններու առջեւ, եթէ գործադրութեան ընթացքին թերութիւններ նկատենք, կրկին ու կրկին պիտի սրբագրենք մինչեւ որ հասնինք մեր ուզած արդիւնքին։ Մեր ծրագիրները յարատեւ արժեւորումի պիտի ենթարկենք։
Հարցում – Ինչպէ՞ս կը բանի Կիւլպէնկեան Հիմնարկը, ո՞րն է իր գործունէութեան դաշտը։
Մարթէն Եսայեան– Փորթուկալի մէջ հաստատուած մեր Հիմնարկը կը կառավարուի վեց գործադիր եւ երեք ոչ-գործադիր հոգաբարձուներու կողմէ։ Ունինք մօտաւորապէս 500 պաշտօնեայ, ներառեալ նուագախումբը։ Մեր ընդհանուր դրամագլուխը երեք միլիառ եւրօ է։
Իսկ հիմնարկութեան տարեկան պիւտճէն մօտաւորապէս հարիւր միլիոն եւրօ է։ Մեր
գլխաւոր գործունէութեան առանցքը կը կազմեն մշակոյթը, գիտութիւնը եւ կրթութիւնը։
Հարցում – Լիզպոնէն զատ ուրիշ կեդրոններ ունի՞ք։
Մարթէն Եսայեան– Բացի Փորթուկալի կեդրոնէն, մենք ունինք Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ փոքր կեդրոններ։ Ի դէպ աւելցնեմ, թէ կը փափաքինք Փարիզի մեր կեդրոնը աւելի յաճախ օգտագործել հայկական մշակութային ու գիտական ձեռնարկներ կազմակերպելու համար։
Հարցում – Այսօր աշխարհայնացման ընդհանրացած հոլովոյթին մէջ եւ հայութեան յարատեւ սփիւռքացման գործընթացին դիմաց, լրատուամիջոցը կենսական առանցքային դերակատար կը դառնայ, տեղեկատւութեամբ համայնքի մը անդամները իրազեկ կը դառնան համայնքային կեանքին տարբեր երեսներուն։ Բայց յաճախ անոր մոռցուածի անկիւն մը, լքուածի կարգավիճակ կը վերապահուի։ Կիւլպէնկեան հիմնարկը մասնաւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ այս մարզէն ներս։
Մարթէն Եսայեան– Կը հաւատամ որ ընդհանրապէս մամուլը մշակութային կեանքի գլխաւոր մասնիկներէն մէկն է, իսկ մասնաւորապէս հայ մամուլը հայերէն լեզուն մշակող լծակ մըն է։ Պէտք է առաւել ներթափանցիկ ըլլայ, աւելի տարածուն՝ օգտագործելով նորագոյն լրատու միջոցներ։
Հարցում – Կիւլպէնկեան Հիմնարկը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ հայութիւնն ու հայ մշակոյթը եւրոպական մշակութասէր հանրութեան ծանօթացնելու ուղղութեամբ։
Մարթէն Եսայեան- Կ՚ենթադրեմ որ մեր գլխաւոր հարցը այն է, որ հայութիւնը ուր որ ալ ըլլայ հպարտ է իր ազգային ինքնութեամբ, սակայն եւրոպական կամ ընդհանրապէս միջազգային գետնի վրայ ինքզինք ներկայացնելու դժուարութիւնը ունի։ Մեր Հիմնարկը իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն կրնայ մէկ կողմէ՝ հայկական Սփիւռքի զանազան համայնքներուն եւ միւս կողմէ՝ հայ գաղութներու եւ միջազգային հանրութեան միջեւ կապերու ամրապնդումին օժանդակել։ Նաեւ կը քաջալերենք թարգմանութիւններն ու հրատարակութիւնները, որպէսզի հայկական մշակոյթը աւելի տարածուի ոչ-հայկական շրջանակներու մէջ։
Հարցում – Այսօր բազմալեզւութիւնը իրողութիւն մըն է, հայերէնը էական տեղ մը կրնա՞յ գրաւել այնտեղ։
Մարթէն Եսայեան– Յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին նախապատւութիւնը պիտի տանք արեւմտահայերէնի զարգացման գծով տարուող աշխատանքներուն, նկատի ունենալով որ անցնող 30-40 տարիներուն ան նահանջ ապրած է։ Միւս կողմէ ալ,
ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ երկրորդ կամ երրորդ լեզու մը կարելի է դիւրութեամբ ուսուցանել երախային, պայմանաւ որ ան սկսի փոքր տարիքէն։ Ուրեմն հայ մանուկը կրնայ դիւրութեամբ սորվիլ թէ՛ հայերէնը եւ թէ՛ տեղական լեզուները։ Այլ խօսքով բազմալեզւութիւնը հարստութիւն կը նկատենք եւ կը քաջալերենք։
Տեսակցեցաւ՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ»