Հայկական Արտադրութեան «Արմֆոնները» Սեպտեմբեր 20-էն Ազատ Վաճառքի Կը Հանուին

«Թեքնոլոճի ընդ Սայնս Տայնամիքս» ընկերութեան արտադրած «Արմֆոն» տեսակի հայկական բջջային հեռախօսները Սեպտեմբեր 20-էն ազատ վաճառքի պիտի հանուին: Այս մասին կը յայտնեն ընկերութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Յիշեցնենք, որ հայկական արտադրութեան սմարթֆոնները առաջին անգամ ներկայացուեցան Յունիս 6-ին: Ատոնց գինը կը տատանուի 50-է 150 հազարի սահմանններուն:

 

Scroll Up