Շնորհաւորական Հիւրասիրութիւն Ի Պատիւ Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/0907la4.jpg)
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Օգոստոս 28ին հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին ու հոգեհանգստեան արարողութեան, եւ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:
Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, իսկ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։
Քարոզէն առաջ, պատարագիչ տէր հայրը, յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ժողովականութեան եւ ծառայողներուն, ողջունեց առաջնորդ սրբազանին ներկայութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Ազգ. երեսփոխանական ժողովին կողմէ թեմակալ առաջնորդ վերընտրութենէն ի վեր, ասիկա առաջին անգամն է, որ ան կ՛այցելէ այս եկեղեցին: Ան շնորհաւորեց առաջնորդը՝ վերընտրութեան, իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան 20րդ ու քահանայական ծառայութեան 40րդ տարեդարձներուն առիթներով, մաղթելով, որ անոր ծառայական կեանքը աւելի եւս արգասաւորուի յառաջիկայ տարիներուն:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին (Մարկ. 4:35-41), ուր կը պատմուի, թէ Յիսուս Քրիստոս ինչպէս կը հանդարտեցնէ փոթորիկը, երբ աշակերտներուն հետ կը նաւարկէր Գալիլիոյ լիճին վրայ: Յիսուս յաճախ նաւուն վրայ կը կանգնէր, ծովափին հաւաքուած հաւատացեալներուն ուսուցումներ ընելու համար, իսկ այդ օրը փափաքեցաւ աշակերտներուն հետ նաւարկել՝ լիճին միւս ափը երթալու մտադրութեամբ, երբ սաստիկ փոթորիկ մը պատահեցաւ ու ծովը ալեկոծեց՝ սարսափի մատնելով աշակերտները, մինչդեռ Յիսուս նաւուն մէջ կը քնանար: Այդ փոթորիկը փորձառութեան առիթ մը եղաւ աշակերտներուն համար, որոնք անակնկալօրէն վտանգի մատնուեցան, սակայն Յիսուս զանոնք գօտեպնդեց՝ ըսելով, որ պէտք է հաւատք ունենալ խիզախօրէն դիմագրաւելու համար փոթորիկները:
Առաջնորդը յայտնեց. «Մենք ալ, երբ այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հանդարտօրէն կ՛աղօթենք, հաւանաբար մեր հոգիներուն ու կեանքերուն մէջ կը դիմագրաւենք փոթորիկներ, որոնք կ՛ըլլան սիրելիի մը կորուստին հետեւանքով կամ այլ տեսակի դժբախտութիւններու պատճառով. նման հարուածներ մեզ ալ կը փոթորկեն. կ՛ունենանք վտանգի զգացում, սակայն նման պահերու պէտք է յիշենք մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, յիշենք թէ ան ինչպէ՛ս խաղաղեցուց աշակերտներուն հոգիները, զանոնք յորդորեց հաւատք ունենալ եւ ապա խաղաղեցուց ծովը: Այս դրուագը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ փարատել կասկածներն ու տատամսումները, վերահաստատել հաւատքի զօրութիւնը, յիշել Տիրոջ խոստումն ու ներշնչած ապահովութիւնը»:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, երեսփոխանական եւ հոգաբարձական կազմերը, դպրաց դասի եւ տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներն ու սարկաւագները միասնաբար եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին, շնորհաւորելու համար առաջնորդ սրբազան հայրը՝ քահանայական ձեռնադրութեան 40րդ եւ առաջնորդ ընտրութեան 20րդ տարեդարձներուն առիթով։ Ընթացքին կատարուեցաւ կարկանդակի հատում։
Տէր հայրը ողջունեց առաջնորդ սրբազանը եւ յանուն եկեղեցւոյ ծառայողներու ընտանիքին՝ բարեմաղթութիւններ ուղղեց զոյգ տարեդարձներուն առիթով: Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի անդամներուն ու անոնց կողքին ծառայողներուն նուիրումին մասին՝ մաղթելով, որ երթը շարունակուի վերանորոգ կամքով:
Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով, սրբազան հօր նուէր տրուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի փոքրադիր արձանը, գործ՝ Խաչիկ Երիքեանի:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: