Բացուած է ՀՕՖ-ի Կողմէ Վերակառուցուած Այգեձորի Մանկապարտէզը

Երեխաներու ուրախ երգ ու պարով, ծնողներու ու աշխատակիցներու երախտագիտութեան խօսքերու ուղեկցութեամբ այսօր պաշտօնապէս բացուած է Տաւուշի մարզի Այգեձոր գիւղի` հիմնովին վերակառուցուած մանկապարտէզը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՕՖ-էն:

Նախակրթարանը նորոգուած ու ամբողջութեամբ համալրուած է նոր գոյքով Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ)` «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզին մէջ» ծրագիրի (ԱՀՏՄ) ծիրէն ներս  եւ Focus on Children Now բարեգործական կազմակերպութեան նուիրատուութեամբ, որուն շնորհիւ այս տարի անոնց սաներուն թիւը աւելցած է 10-ով:

«Արդէն ունենք 55 սան, ինչը մեծ ձեռքբերում է սահմանամերձ գիւղի համար: Տեսնելով մեր նոր, յարմարաւէտ պայմանները` շատ ծնողներ, որոնք նախկինում, երեխաներին չէին բերում, արդէն դիմումներ են ներկայացրել իրենց փոքրիկներին մեզ մօտ ընդունելու համար»,- բացման պաշտօնական արարողութեան ըսած է մանկապարտէզի տնօրէն Սամելա Առուշանեան: «Դրա համար նախ ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՕՖ-ին, որ մեզ հնարաւորութիւն տուեց աւելի փոքր հասակից ու աւելի մեծ թուով երեխաներ ընդունել»:

2013-ին մեկնարկած ԱՀՏՄ բազմաբաղադրիչ 5-ամեայ ծրագիրը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Տաւուշի մարզի Բերդի տարածաշրջանի կրթական, առողջապահական, սոցիալական ու տնտեսական զարգացման, ներառեալ եւ երեխաներու ապագայի համար այսօր ներդրումներ ընելով: Ծրագիրի հովանաւորը «Մարտիկեան ընտանիք» հիմնադրամն է:

Այգեձորի մանկապարտէզը նաեւ ընդգրկուած է ծրագիրի` մանկապարտէզներուն տրամադրուող սնունդի միջոցով թերսնման դէմ պայքարի ծրագիրին մէջ, որ նպատակ ունի երեխաներուն անհրաժեշտ վիթամիններով ու նիւթերով հարուստ սնունդով ապահովելու միջոցով յաղթահարել թերսնումը:

Այս տարի ԱՀՏՄ ծրագիրի ծիրէն ներս վերանորոգման տարաբնոյթ աշխատանքներ իրականացուած են Բերդի տարածաշրջանի 9 դպրոցներու մէջ: Այսօր պաշտօնապէս բացուած են նաեւ Այգեձոր գիւղի ու Բերդի թիւ 3 միջնակարգ դպրոցի ամբողջութեամբ հիմնանորոգուած մարզադահլիճները եւ Բերդի վարժարանի նորակառոյց մարզահրապարակն ու հանդերձարանը:

5-ամեայ ծրագիրի կրթական ու առողջապահական բաղադրիչներու ծիրէն ներս արդէն աւելի քան 30 դպրոց ու մանկապարտէզ աջակցութիւն ստացած է ու կը շարունակէ ստանալ:

Scroll Up