«Մարալ» Միութեան Խումբը Պիտի Մեկնի Հայաստան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Արա-և-Շամիրամ.jpg)
Կը տեղեկանանք, որ «Մարալ» միութեան խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11-15 Սեպտեմբեր թուականներուն։
Այցելութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագ-րատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչներէն Լեռնա Փափազեանն ու Դալար Քէօսէօղլուն։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, թէ 52 հոգիէ բաղկացեալ խումբով մը պիտի ճամբորդեն դէպի Երեւան՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Սեպտեմբերի 13-ին, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» թատրոնի երդիքին տակ «Մարալ»ի տղաքը պիտի ներկայացնեն «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը։ Այս ելոյթը տեղի պիտի ունենայ «Իմ Հայաստան» փառատօնին շրջագծով, որ այս տարի կը կազմակերպուի երրորդ անգամ։ Փառատօնը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելանին։
«Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ի բեմադրիչ Լեռնա Փափազեան ու պարուսոյց Դալար Քէօսէօղլու յայտնեցին, թէ իրենց տեսակէտէ եզակի փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ հանդէս գալը։ «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ի ներկայացումը մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր քաղաքիս մէջ եւ արժանացած՝ գեղարուեստասէր շրջանակներու գնահատանքին։ Նորաստեղծ «Մարալ» միութեան առաջին բեմադրութիւնը հանդիսացած էր այդ խաղը։ Երիտասարդներու երկարատեւ աշխատանքին այդ պտուղը ունեցած էր դրական արձագանգ, իսկ ներկայիս ի շարունակութիւն այդ բոլորին «Մարալ» ակումբը Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնէ «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը։ Հայկական աւանդական գործերու շարքին կը դասուի այս մէկը, որ կը բեմադրուի արդիական մօտեցումով մը։
Մեր հիւրերը երախտագիտութեամբ շեշտեցին, թէ «Մարալ» ակումբի խումբի ճամբորդութեան ծախսերը հոգալու համար իրենց զօրակցութիւն ցուցաբերած են՝ յայտնի համայնքային բարերար Պետրոս Շիրինօղլու եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։
Այս մասին կը յայտնէ Ժամանակ: