Ալմելոյի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Կիրակնօրեայ Դպրոցի Վերամուտը

Սեպտեմբեր 4-ին Ալմելոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կիրակնօրեայ դպրոցը իր դռները  բացած էր շատ սիրելի աշակերտներուն առջեւ: Դպրոցի տնօրինութիւնը եւ ուսուցչական կազմը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց 2016-2017 ուսումնական տարին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կիրակնօրեայ դպրոցէն:

Դպրոցին մէջ կը տիրէր ջերմ, հարազատ, բարեկամական մթնոլորտ: Ուրախ էին թէ մեծերը, թէ փոքրերը: Դպրոցի աւանդոյթին համաձայն ուսումնական տարին սկսաւ Տէր Մաշտոց քահանայի օրհնութեամբ եւ աշակերտներու Տէրունական աղօթքով:

Փոքրիկ Մանէն ու Նարեկը հնչեցուցին դպրոցի առաջին զանգ-ը: Դասերը սկսած են:

Կը շնորհաւորենք աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները նոր ուսումնական տարին սկսելու կապակցութեամբ եւ կը մաղթենք բոլորին մեծ յաջողութիւններով լի ուսումնական տարի: Շնորհակալութիւն դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մկրտչեանին, ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր մեր ապագայ սերունդը հայ պահելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալու համար:

Ալմելո5Ալմելո6ԱլմելոԱլմելո1Ալմելո2Ալմելո3Ալմելո4

Scroll Up