Հայկական Մշակոյթի Փառատօն Ղազախստանի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Koksetav.jpg)
Ղազախստանի Աքմոլինսքի մարզի Գոկշետաու քաղաքին մէջ կազմակերպուած է Հայկական մշակոյթի մեծ փառատօն, որուն կը մասնակցէին Ղազախստանի 5 մարզերու հայկական մշակութային կեդրոններու, Ղազախստանի ազգային փոքրամասնութիւններու մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ղազախստանի հայ համայնքէն:
Պատուաւոր հիւրերուն մէջ էին Ղազախստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Սահակեան եւ Աքմոլինսքի մարզի տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկը նուիրուած էր Ղազախստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Փառատօնի ծրագիրը հարուստ էր եւ բովանդակալից: Կազմակերպիչները` Գոկշետաուի «Բարի» հայկական ազգային մշակութային կեդրոնի ներկայացուցիչները, Նորիկ Մահլամեանի գլխաւորութեամբ կազմած էին հետաքրքիր ու բովանդակալից ծրագիր մը, որ կը ներառէր ճանաչողական շրջագայութիւններ, ժողովրդական աւանդութիւններու, ազգային մշակոյթի, սովորութիւններու, աւանդոյթներու, խոհանոցի ներկայացում, եւ, ի հարկէ, ուրախ ժամանց: Ներկայացուեցաւ նաեւ հայկական տարազը իր ողջ գեղեցկութեամբ:
Փառատօնի մասնակիցները ցանկութիւն յայտնեցին նման տօները դարձնել աւանդական: Չէ՞ որ այսօր Ղազախստանի մէջ կ’ապրի շուրջ 42 հազար հայ, որմէ 3 հազարը` միայն Աքմոլինսքի մարզին մէջ: Իսկ ինչու՞ եկող տարի անոնք ալ չմասնակցին այսօրինակ տօնի: