Տիարպեքիրի Հայկական Կաթոլիկ Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/surkatolikkilisesi.jpg)
Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը յայտնած է, որ բախումներու հետեւանքով վնասուած Տիարպեքիրի հայկական կաթոլիկ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Սթամպուլի հայկական «Ակօս»–ը, Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ փողոց դուրս գալու արգելքներ սահմանելէ յետոյ քիւրտ զինեալներու ու թուրք զինուորականներու միջեւ բախումներու հետեւանքով լրջօրէն վնասուած հայկական կաթոլիկ եկեղեցուոյ վերանորոգումը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ 2018:
Կը նշուի, որ եկեղեցին կը պատկանի հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան, որն ալ յայտնած է եկեղեցին վերանորոգելուն մասին: