Կարէն Միրզոյեան Ընդունած Է Թուֆէնկեան Հիմնադրամի Պատուիրակութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է Թուֆէնկեան հիմնադրամի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էր նաեւ ամերիկահայ յայտնի արձակագիր Քրիս Պոհճալեան:
Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ԱԳՆ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Կարէն Միրզոյեան ողջունած է Թուֆէնկեան հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող բարեգործական ծրագիրները եւ կարծիք յայտնած, որ ատոնք զգալիօրէն կը նպաստեն Արցախի համայնքներու զարգացման:
Հանդիպման ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ներկայացուցած է Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ատոնց յաղթահարմանն ուղղուած ԼՂՀ ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու ջանքերը` կարեւոր համարելով նաեւ միջազգային հանրութեան Արցախի մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրէն ներս ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարը արժեւորած է Քրիս Պոհճալեանի զգալի ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերը բարձրաձայնելու գործին մէջ: