Էդուարդ Նալպանտեան Սերկէյ Լաւրովին Հետ Քննարկած Է ԼՂ Կարգաւորման Հարցը

Օգոստոս 31-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի իր գործընկեր Սերկէյ Լաւրովին հետ, որուն ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսաստանեան օրակարգի շարք մը հարցեր:
ՀՀ ԱԳՆ կայքի փոխանցմամբ` Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, որ համապատասխան պայմաններ կը ստեղծէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացքը առաջ մղելու համար: