«Արփա»ի Կազմակերպութեամբ՝ «3 Շաբաթ Երեւանում» Ֆիլմին Բացումը Սեպտեմբեր 14ին

«Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Վահէ Պէրպէրեանի եւ Վահիկ Փիրհամզէիի բեմադրած «3 Շաբաթ Երեւանում» ֆիլմը Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին, Հոլիվուտի «Egyptian Theatre»ի մէջ: Ֆիլմի ներկայացումէն ետք հարցազրոյց մը տեղի պիտի ունենայ երեք կեդրոնական դերասաններուն՝ Վահէ Պէրպէրեանի (հեղինակ, բեմադրիչ), Վահիկ Փիրհամզէիի (արտադրիչ, բեմադրիչ) եւ Հրանդ Թոխաթեանի հետ: Իսկ Սեպտեմբեր 16էն սկսեալ, ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Էնսինոյի եւ Փասատինայի «Laemmle» սրահներուն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի «MGN Five Star Cinemas»ի մէջ:

Հայերէնով պատրաստուած (անգլերէն ենթագիրներով) ֆիլմը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս երկու ընկերներ, մէկը՝ լիբանանահայ, միւսը՝ իրանահայ, Երեւան կ՛երթան իրենց հայաստանցի գործակիցին հետ ֆիլմ մը պատրաստելու համար, բայց շուտով կ՛անդրադառնան, որ ոչինչ պիտի ընթանայ իրենց ակնկալածին պէս:

Վահէ Պէրպէրեանի բեմագրութիւնը, որ հիմնուած է Նարբէ Նազարեանի հեղինակած պատմութեան վրայ, կը ներկայացնէ ազնիւ եւ հաճելի պատմութիւն մը, որ հարուստ է հոյակապ կերպարներով: Կերպարներ, զորս կը մարմնաւորեն Աշոտ Ղազարեանի, Նարեկ Տուրեանի, Խորէն Լեւոնեանի եւ Լեւոն Յարութիւնեանի նման տաղանդաւոր դերասաններ: Անոնց կողքին, իրենց ընկերներուն նեցուկ կանգնելու համար, մանր դերերով իրենց հաճելի մասնակցութիւնը բերած են նաեւ երգիչներ Թաթա Սիմոնեան, Նունէ Եսայեան, Ինգա եւ Անուշ, Էրիք, Քրիսթինէ Բէբէլեան, Շուշան Պետրոսեան, Արամօ եւ շարք մը այլ տաղանդներ:

«3 Շաբաթ Երեւանում» ֆիլմին բացումը (premiere) պիտի կատարուի Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7ին՝ քոքթէյլով, իսկ ֆիլմը պիտի ներկայացուի ժամը 8ին եւ անկէ ետք տեղի պիտի ունենայ հարցազրոյցը:

Տոմսերը սահմանափակ ըլլալով, կ՛առաջարկենք, որ ձեր տեղերը անմիջապէս ապահովէք՝ այցելելովitsmyseat.com/3weeks կայքէջը: Կրնաք նաեւ հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ (818) 500-0700:

«Շատ կարեւոր է, որ բացման առաջին շաբաթը ֆիլմին բոլոր ցուցադրութիւնները, մանաւանդ՝ matinee-ները, անպայմա՛ն լեցուին, որպէսզի սինեմաները շարունակեն ցուցադրել ֆիլմը», կ՛ըսէ արտադրիչ Փիրհամզէի, աւելցնելով, որ հանդիսատեսին կողմէ առաջին շաբաթը ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը կ՛որոշէ ֆիլմին ճակատագիրը, եւ նկատի առնելով, որ ֆիլմը միայն հայ հասարակութեան համար պատրաստուած չէ, որքա՛ն երկար ցուցադրուի՝ այնքա՛ն աւելի օտարներ առիթ պիտի ունենան դիտելու:

Լոս Անճելըսէն ետք, ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուելու Միացեալ Նահանգներու, ապա եւ Սփիւռքի հայաշատ քաղաքներուն մէջ:

Ֆիլմին մօտէն ծանօթանալու համար, կրնաք այցելել անոր «Ֆէյսպուք»ի էջը.www.facebook.com/3weeksinyerevan։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up