Յեղաշրջման Փորձէն Ետք Թուրք Մտաւորականը Համարձակօրէն Կը Խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն երկու օր առաջ՝ Յուլիս 13-ին, Սթամպուլի Սապանճի համալսարանի դասախօս Հալիլ Պերքթայ պատասխանեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Սպանիոյ ամէնէն մեծ՝ «Էլ Պայիս» թերթի բարձրացուցած գրաւոր վեց հարցերուն: Սակայն, երբ «Էլ Պայիս» չհրապարակեց անոր պատասխանները, դոկտ. Պերքթայ որոշեց Օգոստոս 15-ին իր հարցազրոյցը տեղադրել թրքական «Սերպեսթիյէթ» կայքին վրայ՝ «Ցեղասպանութիւնը եղած է եւ կը մնայ Ցեղասպանութիւն՝ յեղաշրջմամբ կամ առանց ատոր» վերնագրով:

Ազատամիտ թուրք մտաւորական փրոֆ. Պերքթայ ըսաւ «Էլ Պայիս» թերթին, որ 2002-էն սկսեալ ինք բազմիցս ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան Ցեղասպանութիւնը  բնութագրեց իբրեւ «օսմանեան հայերու գրեթէ ամբողջական բնաջնջում եւ ոչնչացում»: Դոկտ. Պերքթայ խոստովանեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր անկեղծ տեսակէտներուն համար, «մանաւանդ 2002-էն առաջ եւ նոյնիսկ անկէ ետք (թէեւ այլեւս ոչ կառավարութեան կողմէ), ինծի պէս մարդոց վրայ հսկայական ծաւալի ոչ պաշտօնական, անօրինական ճնշում, շանթաժ, սպառնալիքներ կամ այլ տեսակի հոգեբանական տեռոր եղած է, զոր ես եւ միւսները ստիպուած էինք դիմակայելու»:

Պատասխանելով «Էլ Պայիսի» այն հարցումին, թէ «ինչո՞ւ Թուրքիա կը հրաժարի վերանայելէ անցեալը», դոկտ. Պերքթայ պատասխանեց. «Տակաւին 1980-ականներուն եւ 90-ականներուն … անցեալի ժխտողականութիւնը հիմնուած էր նախնիներու պաշտամունքի կամ գաղափարական նուիրուածութեան վրայ՝ յունիոնիզմի կամ աթաթուրքիզմի: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ հայերու հետ 1915-ին, կը դիտարկուէր իբրեւ սեւ բիծ թուրք ազգայնականութեան համար: Ատկէ բացի, քանի որ այդ չէր իրագործուած քեմալական հանրապետութեան կողմէ կամ ներքոյ, քանի որ հանրապետութիւնը ժառանգած էր հայերէն էթնիկ զտումներով տարածքի պատասխանատուութիւնը, այն իր բնոյթով անթոյլատրելի կեղտ էր քեմալական յեղափոխութեան բաղձալի անբասիր օրինականութեան համար: Ուստի, թապու դրուեցաւ ատոր վրայ. անիկա դարձաւ արգիլուած եւ անքննարկելի: Միայն հոս ու հոն, հիմնականին մէջ արտերկիր ապրող եւ աշխատող քանի մը մտաւորականներ խօսեցան ատոր մասին. ձայն բարբառոյ յանապատի»: Փրոֆ. Պերքթայ աւելցուց. 2000-էն սկսեալ «ամէն բան սկսաւ փոխուիլ»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսող թուրք մտաւորականներու թիւի աճին կապուած:

Դոկտ. Պերքթայի հարցազրոյցի աւելի հետաքրքրական հատուածը այն է, ուր ան  կը նշէ պատճառը, թէ ինչու թրքական կառավարութիւնը չ՛ուզեր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը չի գիտեր, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ, եթէ իրենք ըսեն, որ այո, սա ցեղասպանութիւն էր: Ի՞նչ կ՛ընէ կամ ի՞նչ կը պահանջէ Հայաստանը: Արդեօք ան կը պատրաստուի պահանջել նիւթական հատուցո՞ւմ կամ նոյնիսկ հողե՞րը: Այնպէս ինչպէս կ՛ըսեն բոլոր հայ արմատական ​​ազգայնամոլ դաշնակցականները: Ինչպէս անոնք կ՛արտայայտուին՝ երեք R-եր՝ (անգլերէնով՝ Recognition, Reparation, Restitution) ճանաչում, հատուցում, վերականգնում (հողերու): Ի հարկէ, վերջինը ոչ մէկ թրքական կառավարութիւն կրնայ զիջիլ: Ուստի, շատ հաւանական է, որ որեւէ քայլի ձեռնարկելէ առաջ, անոնք կ՛ուզեն գիտնալ Հայաստանի մտադրութիւններուն մասին: Միւս կողմէ, քանի դեռ Հայաստան կը շարունակէ չբանալ իր խաղաքարտերը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ ցեղասպանութիւն դեռ երկար կը տեւէ»:

Փրոֆեսէօրի վերոնշեալ յայտարարութեան ուշադիր ընթերցումը ցոյց կու տայ, որ ըստ անոր, Թուրքիոյ կողմէ հողերու վերադարձը Հայաստանին՝ հնարաւոր չէ, սակայն չի բացառեր հատուցումները: Իմ կարծիքով, մինչ հայերը իրաւացիօրէն կը պահանջեն իրենց պատմական հողերը, անոնք պատրաստ են հատուցումը ընդունիլ իբրեւ նախնական քայլ:

Փրոֆ. Պերքթայի պատասխաններուն մէջ թերեւս աւելի վիճայարոյց տեսակէտը անոր բացատրութիւնն է, թէ ինչու Թուրքիա կը հրաժարի իր կեղտոտ անցեալին հետ դէմ յանդիման գտնուելէ. «Բախուելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առանձնայատուկ մարտահրաւէրին, թրքական հասարակութեան լայն հատուածները, ինչպէս նաեւ «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը»,  կը շարունակեն հարցնել. Ինչո՞ւ մենք: Իսկ ինչո՞ւ միայն մենք: Արդեօք միւս բոլոր պետութիւններէն եւս կը պահանջե՞ն քաւել իրենց անցեալի մեղքերը նոյնպիսի խստութեամբ, թէ՞ միայն Թուրքիայէն: Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք այն մասին, թէ ինչ ըրին «անոնք» առաջին հերթին «մեզի»: Եթէ մենք ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, արդեօք անոնք, երբեւէ, թէկուզ թեթեւակիօրէն, կը ճանչնա՞ն Կրետէի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ կամ Սերպիոյ մահմետական թուրքերու ողբերգական վիճակը: Ո՞վ ձայն կը բարձրացնէ թուրքերու համար: Արդեօք մենք ոեւէ բարեկամ ունի՞նք աշխարհի վրայ»: 

Թէեւ ես համաձայն չեմ փրոֆ. Պերքթայի որոշ բացատրութիւններուն, սակայն չեմ կրնար ակնկալել, որ ան ինծի պէս պետք է միեւնոյն դիրքորոշումը ունենայ հայկական հարցերու վերաբերեալ: Ի վերջոյ ան թուրք է, բայց արդարամիտ թուրք, ինչ որ չենք կրնար ըսել թուրք ղեկավարներու եւ թրքական հասարակութեան լայն հատուածներու մասին, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը…

Փրոֆ. Պերքթայ մեծ ռիսքի դիմած է հրապարակելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր պատասխանները համացանցի վրայ, յատկապէս յուլիսեան յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին մէջ ներկայիս տիրող դաժան մթնոլորտի պայմաններուն, երբ տասնեակ հազարաւոր անմեղ թուրք քաղաքացիներ ձերբակալուած եւ նետուած են բանտերը…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Scroll Up