«Արի Տուն» Ծրագիրի Նախկին Մասնակիցները`«Բազէ» Ճամբարին ՄԷջ

Օգոստոս 25-ին «Արի տուն» ծրագիրի վերջին` 8-րդ փուլի ճամբարային օրերուն ընդգրկուած նախորդ տարիներու մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանի եւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի մշակոյթի բաժինի պետ, վաստակաւոր մանկավարժ Լաուրա Աւետիսեանի ուղեկցութեամբ Ծաղկաձորի մէջ հիւրընկալուած են «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն մօտ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` պատանիներն ու աղջիկները հանդիպած են բազէականներուն, ծանօթացած անոնց առօրեային, ապա շրջայց կատարած թանգարանին մէջ, ուր անոնք ծանօթացած են տարիներու ընթացքին բազէականներու նուաճած մրցանակներու ցուցադրութեան: