ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Համերգ Ժնեւի ՄԷջ
Օգոստոս 25-ին, Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանիի ներքոյ Ժնեւի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Երեկոյի մասնակիցներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեան իր ջերմ երախտիքը յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ արուեստագէտներուն` երեքհազարամեայ պատմութեան ընթացքին տարբեր մշակոյթներու, կրօններու, քաղաքակրթութիւններու հանդիպման խաչմերուկին գտնուող հայ ժողովուրդի հարուստ եւ ինքնատիպ երաժշտական արուեստը ժնեւեան հանդիսատեսին լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութեան համար:
Հայ արուեստի մեծ երախտաւորներու, ինչպէս միջնադարեան, այնպէս ալ արդի շրջանի երաժշտական արուեստի առանձնայատկութիւններու ներկայացմամբ հանդէս եկաւ Ժնեւի Երաժշտանոցի տնօրէն Եւա Յարութիւնեան:
Համերգին ընթացքին միջազգային տարբեր մրցոյթներու դափնեկիր` դաշնակահարուհի Եւա Յարութիւնեանի, մեներգչուհի Ճուլիէթ Գալստեանի, տուտուկահար Լեւոն Չատիկեանի, ջութակահար Ֆիլիփ Թալեկի եւ քլարինեթահար Տմիթրի Ռասուլ-Քարաեւի կատարմամբ հնչեցին Կոմիտասի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները: Հայկական պարարուեստի փայլուն ներկայացմամբ հանդէս եկաւ երիտասարդ կատարող Աննա Գրիգորեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին Ժնեւի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դեսպաններ եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Տեղեկանք. Ժնեւի երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած «Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին» խորագիրով երաժշտական փառատօնին Հայաստանի հետ մէկտեղ ընդգրկուած էին Իտալիան, Սպանիան եւ Փորթուկալը: