Քանատայի Մէջ Բացում Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Յուշարձան

Հոկտեմբեր 20-ին քանատական Լաւալ (Մոնրէալ) քաղաքին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացում կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:

«Յոյս» (l’Espoir) կոչուող յուշարձանը հեղինակած է քանատահայ յայտնի քանդակագործ Արտօ Չակմակչեան: Յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած բարձրաստիճան հիւրեր Լաւալի քաղաքային, Քուէբէքի նահանգային եւ Քանատայի դաշնային պետական մարմիններէն:

Յուշարձանի բացման առիթով իր ելոյթին մէջ Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան ընդգծած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը` որպէս մարդկութեան դէմ նմանատիպ ոճիրներու կանխման կարեւորագոյն քայլ:

Դեսպան Եգանեան ողջունած է Լաւալի քաղաքական իշխանութիւններու` յուշակոթող հիմնադրելու կամքը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած հայկական համայնքի կատարած հսկայական աշխատանքը:  Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ
մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up