Առաջնորդը Փիլիպոս Եւ Փոստոյեան Վարժարանները Այցելեց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/0824Pilibos-Postoian2.jpg)
Ուսումնական 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Օգոստոս 18ին այցելեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանն ու Մարի Փոստոյեան մանկամսուրը եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեց դաստիարակներուն, աշակերտներուն եւ ուսումնական պատասխանատուներուն հետ, իր օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները բաշխեց յաջող ու նուաճումներով հարուստ տարեշրջանի մը համար։
Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանար Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Ներկայ էր Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Թաշճեան:
Առաջնորդ սրբազանը, տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի եւ իր ընկերակիցներուն հետ, առաջին հերթին այցելեց մանկամսուրը՝ հետեւելով մանուկները նախապատիւ նկատելու Յիսուսի թելադրանքին: Անոնք դիմաւորուեցան վարչուհի Թագուհի Սաաթճեանի եւ ուսուցիչներուն կողմէ, ապա մտերմիկ զրոյց ունեցան դեռատի մանուկներուն հետ, որոնցմէ ոմանք առաջին անգամ ըլլալով դպրոց մուտք գործած էին. ճաշի պահը ըլլալով, աշակերտներէն մէկը իր ճաշէն բաժին հանեց առաջնորդ սրբազանին, իսկ ուրիշ մը անպայման փափաքեցաւ, որ ան զինք տուն տանի, որովհետեւ կարօտցած էր իր մայրը. ի՜նչ հարազատ ու սրտառուչ պատկեր…
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանն ու ընկերակիցները անցան վարժարան, որուն մուտքին դիմաւորուեցան դաստիարակներու եւ 12րդ կարգի աշակերտներուն կողմէ, եւ ստեղծուեցաւ մտերմիկ պահ մը: Նկատի ունենալով, որ իբրեւ այս տարեշրջանի հիմնական բնաբան՝ վարժարանը որդեգրած է «Այս է մեր ուղին» նշանախօսը, աշակերտները արտայայտուեցան ծառայասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ այլ ազնիւ արժէքներու մասին, որոնք պիտի կերտեն իրենց ուղին. անոնք նաեւ գեղարուեստական գեղեցիկ մթնոլորտ մը ընծայեցին տուտուկի ընկերակցութեամբ ասմունքով մը, ի պատիւ հիւր սրբազանին եւ ընկերակիցներուն:
Վարժարանի «Աբգարեան» շէնքի մուտքին, հայկական տարազներով զգեստաւորուած աշակերտներ՝ ի ձեռին աղ ու հաց, դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազանը, որ կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւնը, ապա յաջորդաբար այցելեց նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգ մը դասարաններն ու գրադարանը, ինչպէս նաեւ՝ ծանօթացաւ վարժարանի նորակառոյց երեք դասարաններուն:
Դասարաններուն մէջ եւս աշակերտները արտայայտութիւններ ունեցան յիշեալ նշանախօսին հիմամբ: Առաջնորդ սրբազանը զանոնք յորդորեց մնալ հաւատարիմ մեր հաւատքին ու հայրենիքին, խօսիլ, կարդալ ու գրել հայերէն ու աչքերը յարել Արարատին:
Աշակերտները առաջնորդ սրբազանին նուիրեցին ձեռակերտ Եռագոյն դրօշակ մը, ինչպէս նաեւ՝ յիշեալ սկզբունքը պատկերող յուշանուէր մը:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: