Ուղիդ Է Սա… Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Վերամուտ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/0824alexpilibos.jpg)
Օգոստոս 15ի ջերմ առաւօտեան, Փոքրիկ Հայաստանի հարազատ սիրտին մէջ, իր դռները լայն բացաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգի աւելի քան 600 հայ աշակերտներուն համար:
Կեանքի ամէնէն գեղեցիկ պահերէն մէկն է վերամուտը, որուն ականատես կ՛ըլլան աշակերտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ տնօրէնութիւն, բոլորն ալ նոր յոյսերով ու երազներով լիցքաւորուած. ճանապարհը հաւատքով սկսած՝ ուխտելով յաղթական քալել ամբողջ ուղիի տեւողութեան։
Ամէն ինչ կրկին սկսելու գաղափարը իր մէջ նաեւ կը պարունակէ նախկինը սրբագրել, վերակերտել, վերատեսութեան ենթարկել, վերստին յաջողութեան ուղին հարթել, վերստին հաւատալ յոյսերու երկար շարանի մը, սակայն, ամէնէն աւելին՝ վերստին հայանալու պատեհ օրն է վերամուտը:
Առաւօտեան վարժարանի մարզասրահէն ներս հաւաքուած էին աշակերտներ, ծնողներ, դասատուներ եւ տնօրէնութիւն, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։
Օրուան հանդիսավար Անուշ Գազարեանց բարի գալուստի իր հակիրճ խօսքէն ետք հրաւիրեց վարժարանի աշակերտական խորհուրդի նախագահն ու փոխնախագահը՝ Սեւանա Մանուկեանն ու Անուշ Կիրակոսեանը, որպէսզի առաջնորդեն Տէրունական աղօթքը եւ ուխտերը: Յաջորդեց երկու աշակերտուհիներու՝ Քրիսթին Էլմաճեանի եւ Մոնիք Մասէհեանի կողմէ զոյգ քայլերգներու երգեցողութիւնը՝ գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ: Ապա վարժարանի տնօրէն դոկտ. Ալինէ Դուրեան հանդէս եկաւ շնորհաւորելով բոլորը եւ յատկապէս աշակերտները՝ տարուան առաջին օրուան առիթով: Ան յիշեցուց տարուան կարգախօսը՝ «Ուղիդ է սա», եւ հրաւիրեց բոլոր աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները արժեւորելու այս կարգախօսը իւրաքանչիւր ժամ: Տնօրէնը նաեւ հրաւիրեց բոլոր աշակերտները, որ իրենց միտքի հորիզոնները լայն բանան եւ խօսքով ու գործով արժանիքներ ու նկարագիր կերտեն, ապա առաջ երթան ու հասնին իրենց կեանքի կոչումին եւ նպատակին: Կամք, յարատեւութիւն եւ աշխատանք… յաջողութեան ամէնէն կարեւոր կռուանները համարեց դոկտ. Դուրեան, որոնց վրայ պէտք է հիմնուի աշակերտին ուղիի ընտրութիւնը:
Ապա Գազարեանց բեմ հրաւիրեց տէր Վիգէնը, որպէսզի իր օրհնութեամբ առաջնորդէ վարժարանի նոր տարեշրջանը: Քահանայ հայրը իր խորին յուզումն ու խանդավառութիւնը յայտնեց ի տես վերամուտի գեղեցիկ պատկերին, ուր վարժարանը կ՛եռար ազգային կեանքի ու կրթական արժանիքներու հարուստ աւանդով: Ապա, ըստ վերջին քանի մը տարիներու աւանդութեան՝ կարդաց ու ներկայացուց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարի երթի խօսքը՝ ուղղուած ազգային բոլոր վարժարաններուն: Հայրական պատգամով, առաջնորդը քաջալերեց եւ արժանաւոր կերպով խանդավառութեամբ տարի մը սկսելու կոչ ուղղեց բոլորին, հարստացնելու համար ազգային եւ կրթական վերելքը թէ՛ մեր աշակերտութեան եւ թէ մեր վարժարաններուն: Հաւատալով մեր առաքելութեան՝ ան յիշեցուց նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի տարուան կոչը՝ Ծառայութեան Տարի մը ըլլալու հանգամանքը: Հայ դպրոցը լաւագոյն տեղն է ծառայելու, ծառայութեամբ ծաղկելու եւ մեր ազգային ինքնութիւնը յառաջացնելու, ուրեմն՝ բոլորս ալ պարտաւոր ենք ծառայելու եւ անոր ընդմէջէն՝ մեր արժանիքները ծաղկեցնելու, մեր ազգին յաղթանակը ապահովելու ի խնդիր։
Աւարտին, բոլոր աշակերտները հերթով ուղղուեցան իրենց դասարանները եւ՝ ճանապարհը սկսաւ…
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)