ՀՅԴ Երիտասարդական Շրջանային Բանակումը Սկսաւ Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու  շրջանային բանակումը իր աշխատանքները սկսաւ 22 օգոստոս 2016-ին, Կիպրոսի Թրոտոս լեռնաշղթայի բանակավայրերէն մէկուն մէջ:

Բանակումին կը մասնակցին կուսակցական 13 շրջաններէ աւելի քան 65 երիտասարդներ:

Մասնակիցներ կան Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Բրիտանիոյ, Արցախի, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններէ:

Բանակումի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 օգոստոսի առաւօտեան: Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անունով Յակոբ Մանուկեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան:

Յակոբ Մանուկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, որ «Բանակումը Կիպրոսի մէջ հիւրընկալելը իրենց համար պատիւ է եւ խթան Կիպրոսի մէջ երիտասարդական շարժման աշխուժացման»:

Սարգիս Մկրտչեան նշեց, որ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1986-ին  համահայկական բանակում կազմակերպած է Կիպրոսի մէջ: 1986-ին  շատերը չէին հաւատար Հայաստանի անկախութեան: Կը հաւատար ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն հիմամբ ալ սերունդներ կը դաստիարակէր: Այսօր, 30 տարի ետք կրկին բանակում կը կազմակերպուի Կիպրոսի մէջ: Փոխուած են պայմանները: Անկախացած է Հայաստանը: Սակայն, ցաւօք, երկիրը բազմաթիւ դժուարութիւններու առջեւ կանգնած է: Հայաստանը հզօր երկիր պիտի դառնայ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ այդ տեսլականին եւ այդ հիմամբ ալ սերունդներ կը դաստիարակէ: Սերունդներ, որոնք իրենց յանձնառութեամբ, նուիրուածութեամբ, գիտութեամբ ու հայրենասիրութեամբ պիտի կերտեն ազատ, անկախ, միացեալ եւ հզօր Հայաստանը»:

Նշելի է, որ բանակումին մասնակիցները, 21 օգոստոսին, մասնակցեցան ՀՅԴ Կիպրոսի պատանեկան միութեան բանակումի փակման հանդիսութեան, ուր Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up